Ուքրանիան դժուար թէ վերադարձնէ 2014-էն ի վեր Ռուսիոյ բռնագրաւած ամբողջ տարածքը։ Այս կարծիքը յայտնած է ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն՝ շեշտելով, որ Ռուսիան եւ Ուքրանիան երկուքն ալ ստիպուած պիտի ըլլան «դժուար քայլեր» կատարել՝ հակամարտութիւնը դադրեցնելու համար։
«Պէտք է ուժեղ համոզում գոյութիւն ունենայ, որ Ուքրանիան պատրաստ է դժուար որոշումներ առնելու, ինչպէս նաեւ՝ ռուսերը պէտք է դժուար քայլեր առնեն այս հակամարտութիւնը դադրեցնելու համար»,– ըստ New York Times-ի՝ ըսած է ան լրագրողներուն։
Արտաքին գործոց նախարարի համաձայն՝ երկու երկիրներն ալ պէտք է գիտակցին, որ այս հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի։
«Ռուսերը չեն կրնար ամբողջ Ուքրանիան գրաւել, եւ ակնյայտ է, որ Ուքրաիոյ համար շատ դժուար պիտի ըլլայ որեւէ տրամաբանական ժամկէտի մէջ ստիպել ռուսերը վերադառնալ այն սահմաններուն, ուր անոնք գտնուած էին 2014-ին»,– աւելցուցած է ան։