Վերջին օրերուն Սուրիոյ ծովափնեայ շրջաններուն մէջ կառավարական ուժերուն եւ նախկին նախագահի զինուած կողմնակիցներուն միջեւ տեղի ունեցող բախումները մեծ ծաւալներու հասած են, երկու կողմէն ալ կան բազմաթիւ զոհեր, ինչպէս նաեւ անկանոն բախումներուն հետեւանքով խաղաղ բնակիչներ զոհուած են։ Լրատուամիջոցները յայտնած են միայն խաղաղ բնակչութեան մէջ աւելի քան 400 զոհի մասին։ Անոնց մէջ նաեւ հայեր կան։
«Արեւելք»ի տեղեկութիւններով, Լաթաքիոյ մէջ զոհուած հայերը ոչ թէ պատահական կրակոցներու զոհ էին (ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր), այլ անոնք սպաննուած են։
«Արեւելք»-ը Լաթաքիոյ իր աղբիւրէն տեղեկացաւ, որ հայր եւ որդի Պութրոսներուն Լաթաքիա վերադարձած ատեն կանգնեցուցած են եւ կրակելով սպաննած։ Թէ բախումներուն մասնակից ո՛ր կողմը սպաննած է՝ առայժմ յայտնի չէ։
Մեր տեղեկութիւններով, Պութրոսներն այն քչաթիւ հայերէն են, որ ծնած են Ասատներուն ծննդավայր Քարտահա, եւ այսօր պատմական այդ գիւղի միակ հայ ընտանիքն են։ Սպաննուածներուն հօր ծեր ծնողները դեռ կը բնակին Քարտահայի մէջ։ Պութրոսները տուն ունին նաեւ Լաթաքիոյ մէջ, իսկ դէպքի ժամանակ կը վերադառնային քրիստոնէական Քասափ (ոչ՝ Քեսապ) գիւղէն։
Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած է անոնց հոգեհանգստեան արարողութիւնն ու թաղման կարգը, որմէ յետոյ՝ յուղարկաւորութիւնը։
Հայր եւ որդի Անթուան եւ Ֆատի Պութրոսները, «Արեւելք»ի տեղեկութիւններով, կը պատկանին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գոյութիւն ունեցող ինքնատիպ հայկական համայնքի մը, որ յայտնի է «հին հայեր» անունով։
Լաթաքիոյ հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցին բացուած է զոհուածներու հոգեհանգստեան կարգին համար, մեր տեղեկութիւններով, կիրակնօրեայ պատարագ պիտի չմատուցուի։
Շրջանին մէջ իրավիճակը կը շարունակուի լարուած մնալ։