image

10 Օրուան մէջ Մուսալեռցի Հերկելեան գերդաստանի երկու կաղնիներ տապալեցան. Մահացած է Մովսէս Խաչեր Հերկելեան

 10 Օրուան մէջ Մուսալեռցի  Հերկելեան  գերդաստանի  երկու կաղնիներ տապալեցան. Մահացած է Մովսէս Խաչեր Հերկելեան

Օրերս Այնճարի մէջ մահացաւ Մուսալեռցիներու հանրայայտ Հերկելեան գերդասատանի աւագ զաւակ՝ Մովսէս Խաչեր Հերկելեանը։

 Հանգուցեալին առողջական խնդիրները բարդացած էին մասնաւորապէս վերջին ամիսներուն, որուն հետեւանքով ալ ան հեռացաւ այս անցողիկ կեանքէն։

 Ամենատխրեցնողը այս բոլորին մէջ անոր հարազատներուն, սիրելիներուն ու ընտանեկան պարագաներուն ապրած ցաւն է, որովհետեւ շուրջ տաս օր առաջ անոնք կորսնցուցած էին հանգուցեալին եղբայրը ՝Նիկոլ Հերկելեանը, որ մահացած էր Երեւանի մէջ։ 

Կը կիսենք Հերկելեան ընտանիքի խոր վիշտը եւ այս առթիւ ալ մեր վշտակցութիւնը կը յայտնենք հանգուցեալի եղբօր եւ մեզմէ շատերուն համար շատ սիրելի Կիլիկեան Միաբանութեան երէց անդամներէն՝ Գերշ. Տ. Վարուժ արք. Հերկելեանին, աղերսելով առ Աստուած, որ ուժ եւ կորով շնորհէ Սրբազան հօր եւ ամուր պահէ զինք այս դժուարին պահերուն։

Ստորեւ հանգուցեալ Մովսէս Հերկելեանի մահազդը, ինչպէս որ երեւցած է համացանցի էջերուն վրայ։ 

 

Գերաշնորհ Տէր Վարուժան Արք. Հերկելեան

Տիկին Լուսին Հերկելեան եւ դուստրը՝ Ազատիկ 

Տէր եւ Տիկին Խաչիկ Հերկելեան եւ զաւակունք

Տէր եւ Տիկին Արէն Հերկելեան եւ զաւակունք

Հանգուցեալ Յակոբ Հերկելեանի ընտանիք

Տիկին Սանդուխտ Հերկելեան եւ զաւակունք

Օրդ.Ծաղիկ Հերկելեան

Եւ համայն' Հերկելեան, Թասլաքեան, Տումանեան, Յովսէփեան եւ Թօփալեան ընտանիքներ, կը գոյժեն մահը իրենց Եղբօր,Ամուսնոյն, Հօր, Հօրեղբօր, Մեծհօր եւ հարազատին՝ 

Մովսէս Խաչեր Հերկելեանի (Վարիչ)

/Ծնեալ 1939-ին, Մուսալեռ/,

որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 12 Փետրուար 2025-ի յետ միջօրէին` Այնճարի իր բնակարանին մէջ:

Թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ ,14 Փետրուար 2025-ին, կ.ե. ժամը 2:00-ին, " Ս. Պօղոս" եկեղեցւոյ մէջ ,որմէ ետք հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի ազգ. գերեզմանատունը:

Ընտանեկան պարագաները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին յետ թաղման արարողութեան, "Գ. Կիւլպէնկեան" սրահին մէջ մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, իսկ յաջորդ օրերը հանգուցեալին բնակարանը:

Փոխան Ծաղկեպսակի կարելի է նուիրատուութիւններ կատարել ՀՅԴ «Յառաջ» Պատ. միութեան: