Հայ Կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի առաջնորդական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գերյ. Հ. Գրիգոր Պատիշահ Եպիսկոպոս ընտրուած է Լիբանանի համայն կաթողիկէներու Խորհուրդի առողջապահական յանձնաժողովի նախագահ։ Լուրը հպարտառիթ լուր մը ըլլալէ անդին մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ նշուած Խորհուրդին կ՚անդամակցին ու անոր մէջ կը գործեն Լիբանանի Կաթողիկէ բոլոր համայնքները, եւ հայ կրօնաւորի մը նման պատասխանատու պաշտօն ստանալու երեւոյթը, ինքնին շատ բան կ՚ըսէ համայն կաթողիկէ եկեղեցիներու եւ անոնց հովուապետներուն կողմէ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիին ցուցաբերուած յարգանքին եւ վստահութեան մասին։
Օրերս կարեւոր պաշտօնի կոչուած է Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժրաջան եւ նուիրեալ անդամներէն՝ Գերյ. Հ. Գրիգոր գերպ. Պատիշահը։ Գերապայծառը դարձած է Լիբանանի Համայն Կաթողիկէներու Խորհուրդի Առողջապահական Յանձնաժողովի նախագահ։ Նշենք, որ իւրաքանչիւր տարի գումարուող այս ժողովը թիւով 57-րդ ժողովն էր, որ տեղի ունեցաւ «Պէյթ Անիա» վանական համալիրին մէջ։ Ժողովին նախագահեց եւ ներկաներուն իր պատգամը յղեց Մարոնիներու Մար Պշարա-Պըթրոս Ալ Ռահի Կարտինալը, իսկ ժողովին իրենց ներկայութիւնը բերին Հայ Կաթողիկէ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս Մինասեանը, Ասորիներու Իգնատիոս-Պետրոս Պատրիարքը եւ Յոյն Մելքիթ համայնքի Եուսէֆ Ապսի Պատրիարքը։ Իր բացման խօսքով Մարոնիներու Ռահի Պատրիարքը ողջունած է բոլոր ներկաները եւ բարի գալուստ ըսած Խորհուրդին միացող նոր անդամներուն։ Ռահի Պատրիարք նաեւ կարեւորած է Խորհուրդի աշխատանքները նշելով, որ ժողովի ընթացքին պիտի քննարկուին Հռոմի վերջին Սիւնոտոսին կողմէ եղած յանձնարարութիւնները, որոնք կապ ունին Կաթողիկէ Խորհուրդի վարչական մարմիններուն մէջ բարեփոխութիւններ կատարելու աշխատանքները։
Պատրիարքի խօսքէն ետք եւ երեք օրերու ընթացքին Խորհուրդի անդամները մասնակից դարձած են փակ նիստերու, ուր քննարկուած են Կաթողիկէ Համայնքները յուզող հիմնահարցերը։
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակին, ապա ժողովին մասնակից հայրերը կարեւորած են երկրին մէջ նոր նախագահի ընտրութիւնն ու վարչապետի նշանակումը, նշելով, որ իրենք ամբողջական կերպով կը զօրակցին նախագահ զօր. Ժոզէֆ Աունին եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին ու այդ առումով ալ պատրաստ են համագործակցիլ Լիբանանի վերանորոգուած ղեկավարութեան հետ։
Աւարտին ժողովականները ընտրած են Խորհուրդի մշտական յանձանաժողովներւ անդամներն ու անոնց նախագահները։ Աւարտին յաջողութիւն մաղթենք յանձնաժողովներու բոլոր նորընտիր անդամներուն եւ մասնաւոր յաջողութեան խօսք կը յղենք Հայ Կաթողիկէ Համայնքի երիտասարդ Եպիսկոպոս Գերյ. Գրիգոր Պատիշահ Գերապայծառին, որուն աշխատասիրութիւնն ու նուիրուածութիւնը մեծագոյն ապացոյցն են անոր կրօնական գործիչի Քրիստոսանուէր առաքելութեան։ Ի վերջոյ Գերապայծառի ընտրութիւնը կը համարուի հպարտանքի առիթ, ոչ միայն Հայ Կաթողիկէ Համայնքին, այլ ամբողջ հայութեան համար։