Պէյրութի «Ազդակ»էն կը կարդանք՝
20 փետրուարի մեր թիւով հաղորդած էինք, որ վերջերս Խրուաթիոյ երեք քաղաքներուն` Սթոնի, Տուպրովնիքի եւ Սփլիթի մէջ ներկայացուած էր Սփլիթի մէջ լոյս տեսած «Ս. Գրիգոր Նարեկացի` բան խրատու վասն ուղիղ հաւատոյ եւ մաքուր վարուց առաքինութեան» գիրքի խրուաթերէն թարգմանութիւնը: Հատորը ներկայացուցած էին հատորին հեղինակ` Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Սթոնի հոգեւոր հովիւ Պեռնարտօ Փլեշէ, Սփլիթի համալսարանի Աստուածաբանութեան փրոֆ. հայր Իվան Պոտրովիչ եւ պատմաբան, հայագէտ Վինիցիէ Լուփիս:
Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ, Վինիցիէ Լուփիս մէկ շաբաթէ ի վեր Անթիլիասի մայրավանք կը գտնուի եւ «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ:
Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ հայագէտ Լուփիս երէկ` 5 մարտ 2025-ին այցելեցին «Ազդակ», տեսակցեցան տնօրէնութեան հետ եւ հատորէն օրինակ մը յանձնեցին «Ազդակ»-ին:
Հանդիպումը առիթ էր նաեւ զրուցելու Խրուաթիոյ մէջ հայկական ներկայութեան, խրուաթ հեղինակներու հայութեան մասին կատարած աշխատասիրութիւններուն եւ Հայաստան-Խրուաթիա յարաբերութիւններուն մասին:
Ծանօթանալէ ետք «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն, անոնք յատուկ գոհունակութիւն յայտնեցին, որ «Ազդակ» օրին լուսաբանած էր Խրուաթիոյ մէջ կայացած գիրքին ներկայացումը: