Անգարայէն հնչող որոշ յայտարարութիւններ սկսած են Սուրիոյ մէջ հետագայ գործընթացներուն մասին ուրուագիծեր փոխանցել:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը հաստատէ, որ սուրիական տապալած վարչակարգը իշխանութիւնը բաժնեկցած է Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ:
Աւելի քան պարզ էր, որ Սուրիոյ նախորդ վարչակարգը կը գոյատեւէր շնորհիւ իրանեան եւ ռուսական յենարաններուն: Այս հաստատումը անվիճարկելի է: Խնդիրը սակայն հիմա Անգարային կողմէ այս մասին բարձրաձայնումին մէջ կը կայանայ: Այստեղ ըսել կ՛ուզուի, որ Սուրիոյ իշխանութիւնը տապալեցաւ, որովհետեւ անոր բաժնեկից էին Իրանն ու Ռուսիան: Ասատը այս բաժնեկցումին գինը վճարած է, ըստ Անգարային:
Այս բաժնեկցումը սակայն խորքին մէջ ընդունուած էր Ասթանայի ժողովին կողմէ իբրեւ գոյավիճակ. իսկ Ասթանան եռակողմ էր. պատասխանատու նկատուող երկու երկիրներուն կողքին Թուրքիան մասնակից էր Ասթանայի համաձայնութեան:
Թուրքիոյ բարձրագոյն դիւանագէտի այս յայտարարութեամբ Ասատը չէ, որ կը մեղադրուի այնքան, որքան միւս երկու գործընկերները: Մինչ Ռուսիան որեւէ անուղղակի մեղադրանք չի հնչեցներ Անգարայի հասցէին, գէթ պաշտօնապէս, անդին Իրանի հոգեւոր առաջնորդը տարտամ ձեւով կը խօսի Սուրիոյ դրացի երկրի այս իշխանափոխութեան ներգրաւուած ըլլալու մասին, մեղքը ուղղակիօրէն բարդելով Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու վրայ:
Ճեղքեր կ՛երեւին Անգարա-Մոսկուա-Թեհրան եռանկիւնին մէջ: Թուրքիան այս եռանկիւնին մէջ մնալով ըստ էութեան իր շահերը կը համակարգէ Իսրայէլին հետ, եւ Սուրիոյ իրադարձութիւններէն այս երկուքը դուրս կու գան առաւելագոյնը ապահովելով: Իսրայէլեան ուժերու դէպի Սուրիա ներխուժումը եւ Կոլանի բարձունքներուն վրայ աւելի տարածուիլը կամ Դամասկոս-Պէյրութ ճանապարհին շատ մօտ ներկայութիւն հաստատելը կ՛ենթադրեն, որ սուրիական տարածքներու վրայ այլեւս կը գործեն թէ՛ թրքական եւ թէ՛ իսրայէլեան ուժերը: Մինչ գրեթէ հեռացած են իրանեանն ու ռուսականը. այս վերջինի պարագային տակաւին ճշդելի կը մնայ որոշ յենակէտերու պահպանումը: Յամենայն դէպս անոնց դուրս մղումը եւ Իսրայէլի առկայութիւնը:
Անգարան այլ ռազմավարական ուղղութիւն ալ կը ճշդէ: Այս անգամ պաշտպանութեան նախարարը կը հաստատէ, որ ծայրայեղ իսլամականութեան ահաբեկչական տարրերը այլեւս գոյութիւն չունին սուրիական տարածքներուն վրայ, հետեւաբար հարցական կը մնան ամերիկեան ներկայութեան շարժառիթները:
Բաւական հեռու գացող յայտարարութիւն է այս մէկը Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարին կողմէ: Բուն թիրախը այս պարագային քիւրտերն են: Անգարայի ուղերձը Ուաշինկթընին է արտօնելու, որ ինք քրտական գործօնի վտանգազերծման ձեռնարկէ եւ հաստատէ իր կողմէ առաջադրուած անվտանգութեան գօտին:
Ուաշինկթընի արձագանգը յապաղած չէր: Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարներ ամերիկեան մամուլին կը փոխանցէին, որ անհաւանական է, որ յունուարին իր պաշտօնը ստանձնող նախագահը հրաժարի Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զինուորական դիրքերէն:
Քիւրտերուն ճակատագիրը յայտնուած է անորոշութեան մէջ: Կախեալ` ամերիկեան վերաբերումէն: Արդիւնքը այն է, որ Անգարայի առաջադրած անվտանգութեան գօտիի ձեւաւորումը եւ քրտական ինքնավարութեան գոյավիճակի պահպանումը կախեալ են Ուաշինկթընի դիրքորոշումէն:
Հիմա սուրիական համապատկերին մաս կը կազմեն սուրիական նոր ուժերը, թրքական, ամերիկեան, իսրայէլեան եւ քրտական վերահսկողական գօտիներն ու յենակէտերը: Անկախ քիւրտերուն սպասող ճակատագիրէն կը թուի, որ նոր վարչակարգը ունի նոր յենարաններ: Յենարաններու փոխարինում է արձանագրուածը: Այդ յենարաններու համաձայնութիւններէն, բախումներէն կամ տեղաշարժերէն կախեալ կը մնայ նոր վարչակարգը, որուն բաղադրութիւնը միագոյն չէ. ինչ որ որեւէ պահուն դիւրաբեկութեան տանող ենթահող է:
«Ա.»