Նշենք նաեւ, որ հանգուցեալը եղած է գանատահայ մեր հայրենակից Ժան Հալլաճեանի ազգականներէն ու այդ առթիւ ալ պրն. Հալլաճեան կատարած է սրտաբուխ գրառում մը մասնաւորապէս նշելով ՝«Այս անակնկալ ցաւը մեծ է։ Անդարմանելի կորուստ է հարազատի մը, որ իր աչքի լոյսը նուիրաբերեց պահպանելու հայկական ասեղնագործութիւնը եւ ձեռագործութեան արուեստը։
Ընդունեցէք մեր խորին վշտակցութիւնը։
Օսան, լոյս յոգնաբեկ հոգւոյդ, հանգչիր հանգիստ անդաստանի մէջ»։
Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է նուիրեալ եւ տաղանդաւոր հայուհի Ովսաննա Հալլաճեանը։
«Արեւելք» սոյն բօթը ստացաւ Հալէպէն։
Հայուհին, իր գործունէութեան կարեւոր մէկ հատուածը տրամադրած է ասեղնագործութեան եւ շնորհիւ իր տաղանդին կարողացած է սատար կանգնիլ Արեւմտահայ մշակոյթին մէջ կարեւոր տեղ զբաղեցնող ասեղնագործութեան ոլորտին։
Ստորեւ կը ներկայացնենք օրերս համացանցին մէջ երեւելի դարձած հանգուցեալի մահազդը։
Տէր եւ Տիկին Տօքթ. Շուքրի Հալլաճեան եւ զաւակունք (Հայաստան)
Տէր եւ Տիկին Պօղոս Հալլաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկին Յարութ Հալլաճեան եւ զաւակունք Տուպայ
Տէր եւ Տիկին Պետիկ Խոշապճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ Տիկին Գօգօ Պալեան եւ զաւակունք
Տիկին Ժանէթ Քիւլճեան եւ զաւակունք
Տիկին Մարի Քէշիշեան եւ զաւակունք Գանատա
Տիկին Սիրան Քիւլճեան եւ զաւակունք
Եւ համայն Այնթէպլեան, Սաղպազարեան, Տէր Ղազարեան, Թերզեան եւ Դանիէլեան ընտանիքներ կը գուժեն մահը իրենց հարազատին՝
Հանգ. Ովսաննա Հալլաճեանի
Ծնեալ Հալէպ
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուած է Կիրակի, 23 Փետրուար 2025-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ, Մէյտան – Հալէպ։