Հայաստանը տակաւին «տարածքային յաւակնութիւններ» կը պահպանէ Ատրպէյճանի նկատմամբ։ Այս մասին՝ Ղազախստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։
«Չնայած Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման ուղղութեամբ անցած երկար ճանապարհին, եւս մէկ անգամ կ՚ուզեմ նշել, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներու գոյութիւնը, արագ զինուիլը եւ վրէժխնդրական ձգտումները կը շարունակեն մնալ խաղաղութեան գործընթացի ամենամեծ խոչընդոտը»,– ըսած է ան։
Միեւնոյն ժամանակ, Պայրամով շնորհակալութիւն յայտնած է Ղազախստանին՝ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն համար հարթակ տրամադրելու համար։ Անոր համաձայն՝ այս քայլը կը վկայէ, որ Ղազախստանը մեծ նշանակութիւն կու տայ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին։