image

Հալէպի մէջ Սուրիոյ բանակին գլխաւոր նեցուկը «Հըզպալլա»ն է. Իզվէսթիա

Հալէպի մէջ Սուրիոյ բանակին գլխաւոր նեցուկը «Հըզպալլա»ն է. Իզվէսթիա

Հալէպի արեւելեան   շրջաններուն վրայ իր տիրապետութիւնը տարածելէն ետք   Սուրիոյ բանակը նպատակ ունի իր   յաղթանակը ամրագրել  դէպի Իտլիպ արշաւելով: Այս  մասին   տեղեկութիւն կը փոխանցէ «Ալ Մայատին» կայանը, որ նաեւ կը  գրէ, թէ   Հալէպի  մարտերը  մտած են  ճակատագրական փուլ:

 

Իր կարգին ռուսական «Իզվէստիան», Սուրիոյ բանակի նախկին   զօրավարներէն մէկուն  յղում  ընելով  գրած է, թէ լիբանանեան  «Հըզպալլա» կազմակերպութիւնը   մտադրած է յառաջիկայ օրերուն մասնայատուկ ուժերու յաւելեալ  դասակներ Հալէպ ուղղարկել: Թերթը   նոյնպէս կը փոխանցէ, թէ  Սուրիա  գտնուող «Հըզպալլա»ի    զինեալներու թիւը կը  հասնի 7000-ի  իսկ   յառաջիկայ   օրերուն  Հալէպ հասնող զօրքերով պիտի   հասնի  12000-ի, որոնք    զինուած են  արդիական  զէնքերով եւ կը համարուին «Հըզպալլա»ի կարեւորագոյն  ուժերը  ներկայացնող ջիկատներ:

 

Թերթը կը գրէ, թէ յառաջիկայ օրերուն ու յատկապէս Հըզպալլայի ջոկատներու՝ Հալէպ հասնելէն ետք    քաղաքի     արեւելեան մասին   ճակատագիրը պիտի վճռուի եւ սուրիական բանակը  պիտի  յաջողի  իրականացնել երկար ամիսներէ ի վեր սպասուած   այդ շրջանները ընդդիմադիր ահաբեկիչներէ  զերծ  շրջան մը դարձնելու  իր հին-նոր ծրագիրը: