Հալէպի մէջ հայկական համայնքի երեք հոգեւոր պետերը հանդիպում ունեցած են, երկուշաբթի, 15 Փետրուար 2021-ին ։ Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն:
Կը նշուի նաեւ, որ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի պետ վեր. Յարութիւն Սէլիմեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս սրբ. եպս. Զօպուեան եւ Բերիոյ Թեմի հայ կաթողիկէ առաջնորդ արհիապատիւ Պետրոս արք. Միրիաթեան, հանդիպած են Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ գրասենեակէն ներս:
Հանդիպման ընթացքին համայնքապետերը քննարկած են հալէպահայութեան դիմագրաւած խնդիրները, ընդհանուր վիճակն ու առկայ մարտահրաւէրները: