image

Հալէպահայոց մեծ կորուստը՝ Մանուէլ Քէշիշեան. («Հողին յանձնեցինք մեր ժպիտը»...)

Հալէպահայոց մեծ կորուստը՝ Մանուէլ Քէշիշեան. («Հողին յանձնեցինք մեր ժպիտը»...)

Մեկնեցա՜ւ անսպասելիօրէն, առանց «Մնաք բարով»-ի:

Գոյժը ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու վրայ տարածուեցաւ կայծակնային արագութեամբ:

Ոչ եւս էր Հալէպի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդրոնական վարժարանի նորանշանակ տնօրէնը՝ վաստակաւոր թատերագիր ու բեմադրիչ Մանուէլ Քէշիշեան:

Անհաւատալի, անմեկնելի, առեղծուածային մահ մը, որ քարացուց մեզ, ցնցեց մեր ամբողջ էութիւնը:

Դեռ երէկ էր՝ դպրոցական վերամուտին: Յայտարարուեր էր, թէ վարժարանը նոր տնօրէն մը ունեցեր էր յանձինս պր. Քէշիշեանի, որ արդէն շուրջ քսան տարուան ծառայութիւն ունէր հաստատութեան երդիքին տակ ու հիմա պիտի գար փոխարինել նախկին տնօրէնուհի օրդ. Գայիանէ Թիւմպալեանը, որ առողջական պատճառներով անցեալ տարի ակամայ թողած էր իր պաշտօնը ու մեկնած Պէյրութ:

Հալէպ, այս տարի, կ՛ապրէր արդէն «տնօրէններու տագնապ» մը: Հոս-հոն տնօրէններ կը հրաժարէին կամ կը հրաժարեցուէին, եւ կրթական մեր մարմիններուն համար դժուար գործ էր գտնել հեղինակաւոր ու յարգելի անձնաւորութիւն մը, որ միաժամանակ թէ՛ լրացնէր պաշտօնին ենթադրած պետական հարկաւոր կանոնական պայմանները, թէ՛ ալ իր հայերէնագիտական պաշարով ու ազգային ուժեղ զգացումներով՝ իր գուրգուրանքին առարկայ դարձնէր վարժարանին հայաշունչ մթնոլորտը, հայերէնի ուսուցման ընթացքը եւ այն ամէն ինչը, որ «հայկական»-ին կ՛առնչուի:

Պր. Մանօ Քէշիշեան ունէ՛ր այդ յատկանիշերը, անտարակոյս:

Վերամուտի առաջին օրն իսկ, Սեպտեմբեր 13-ին, երբ դպրոցի սեմին խանդավառօրէն ու ժպտերես ողջունած էր զիս, անմիջապէս ծրագրերու «տոպրակ» մը թափեր էր իմ առջեւ.

– Վերահրատարակել աշակերտական «Բարձունք» պարբերականը:

– Հոկտեմբերին ոգեկոչել «Թարգմանչաց» յիշատակը:

– Բոլոր կարգերուն մէջ մօտէն հետեւիլ քերականութեան եւ Հայոց Պատմութեան դասանիւթերու բարւոք ուսուցման…:

– Նախապատրաստուիլ միջվարժարանային արտասանական մրցումին եւ այլն, եւ այլն:

— Անհո՛գ եղէք, պր. Մանօ, միասի՛ն պիտի իրագործենք այս բոլորը: Լմա՜ն տարի մը ունինք մեր դիմաց,– պատասխանած էի իրեն:

Ո՜վ կրնար կանխագուշակել, թէ պր. տնօրէնին պաշտօնը պիտի տեւէր լոկ… երեք շաբաթ: Սեւ վարագոյր մը պիտի իջնէր դպրոցին ու բոլորիս գլխուն, Հոկտեմբեր 6-ին: Պր. Մանօն ա՛լ չկար…: Նախորդ օրը՝ Հոկտեմբեր 5-ին, հիւանդանոց գացեր էր սրտանօթային անհրաժեշտ (ու նախօրօք ծրագրեալ) բժշկական միջամտութեան մը համար, բայց յետ միջամտութեան, իրիկուան ժամերուն, անակնկալ բարդութիւններ ծագեր էին, որոնք կէս գիշերին հանգեր էին ողբերգական աւարտի մը…:

Ահաւասիկ, դա՛րձեալ ծանր հարուած մը կը կրէր Հալէպը, մա՛նաւանդ Բարեգործականն ու անոր վարժարանը: Ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հալէպահայոց մարդկային ուժերը նօսրացած են տարապայմանօրէն ու ի՛սկապէս անկարելի դարձած է մեկնողներուն թողած թափուր աթոռները լեցնել արժանաւորներով, իւրաքանչիւր «մեկնում» (դէպի արտասահման կամ… անդենական) քար մը կը տապալէ կարծէք մեր պատմական գաղութին յենասիւներէն: Մեր նորածիններուն առաջին աղաղակները, այլեւս, զուարթ արձագանգ մը չեն գտներ մեր ականջներուն մէջ, որքան տխրօրէն կը գտնեն անդարձ մեկնողներուն վերջին հրաժեշտները…:

Հիմա, ո՞վ պիտի փոխարինէ Մանուէլ Քէշիշեանը, ո՞վ պիտի կարենայ կատարել այն տարաբնոյթ գործերը, որոնք կը վստահուէին իրեն դպրոցէն ներս թէ դուրս: Ո՞վ պիտի կարենայ իր գրիչը թաթխել ցաւի կաղամարին մէջ ու ամէն շաբաթ պատմել հալէպահայոց ներկայ դժխեմ առօրեային, անվերջանալի տագնապներուն եւ անորոշ ապագային մասին…, ո՞վ:

*

Մանուէլ Քէշիշեան իւրայատուկ անձնաւորութիւն մըն էր, մէկը՝ այն սակաւաթիւ մտաւորականներէն, որոնք Հալէպի վերջին պատերազմի ընթացքին այս քաղաքէն չուզեցին հեռանալ, յամառօրէն կառչած մնացին անոր:

Թատերագիր էր ու բեմադրիչ, կրթական մշակ ու հարկաւոր պարագային՝ հայերէնաւանդ ուսուցիչ, խմբագիր էր ու պատմական նիւթերու հետազօտիչ, գիրի սպասարկու եւ մամուլի աշխատակից: Հետեւաբար, իր կորուստը հալէպահայ մշակութային կեանքին մէջ պիտի թողու մեծ բաց մը, զոր գոցել կարելի պիտի չըլլայ բնաւ:

Ողբացեալ մեր երէց բարեկամը մարաշցի էր՝ իր ծնողաց արմատներով: Ծնած էր Հալէպ, 1952-ին: Նախակրթութիւնն ու երկրորդական ուսումը ստացած էր Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանը, հոնկէ շրջանաւարտ ըլլալով 1972-ին, մեթր Նազար Նազարեանի տնօրէնութեան շրջանին: Դպրոցին «Յուշամատեան»-ին մէջ (2010, Հալէպ), բազմաթիւ խմբանկարներու շարքին կարելի է գտնել նաեւ 1972-ի շրջանաւարտից այն լուսանկարը, ուր կ՛երեւի նաեւ ուսանող Մանօն՝ 33 դասընկեր-դասընկերուհիներու կողքին: Պատկառելի խմբանկար մըն է այդ: Հո՛ն են, սեւ-ճերմակ այդ նոյն լուսանկարին մէջ, այսօր շատերու ծանօթ դէմքեր ալ՝ բժիշկներ Ստեփան Աղապապեան, Վարանդ Կիրակոսեան, Յակոբ Մանուշակեան, Յարութ Պալեան, Արշակ Պէքմէզեան, գործարարներ Արուշ Եսայեան եւ Ժոզէֆ Սանոսեան, ուսողագէտ Սարգիս Զաքարեան, հայագէտ դոկտ. Վաչէ Ղազարեան, բանաստեղծ Արա Ճուհարեան, միութենական գործիչ Կասիա Ներսոյեան եւ այլն: Այդ տարուան շրջանաւարտներէն տասըն իրենց համալսարանական բարձրագոյն ուսումը ստացեր էին Երեւանի մէջ: Մանօ Քէշիշեանն ալ մէկն էր անոնցմէ: Ան Հայաստան պիտի մեկնէր խանդավառօրէն ու 1973-78 պիտի հետեւէր մայրաքաղաքի գեղարուեստաթատերական հիմնարկի դասընթացքներուն, շրջանաւարտ ըլլալով իբրեւ բեմադրիչ:

Այնուհետեւ, Մանուէլ Քէշիշեանի գործունէութեան դաշտը պիտի դառնար Հալէպը: 80-ականներէն սկսեալ ա՛ն ալ պիտի դառնար մէկը այն բեմադրիչներէն, որոնք թատերական շատ աշխոյժ կեանք մը պիտի ստեղծէին Հալէպի մէջ ու մեր բեմերը օժտէին դերասաններու ընտիր խումբերով. Յարութիւն Չննոզեան մը, Գրիգոր Քէլէշ մը, Ռուբէն Պարսումեան մը, Մանուէլ Ճիճի, Կարպիս Լէփէճեան, Յակոբ Միքայէլեան եւ անոնց կողքին՝ Մանօ Քէշիշեան, հայ թատրոնին պիտի տային նոր գոյն ու որակ: Տարիներու սահանքին հետ՝ Մանուէլ պիտի բեմադրէր երեսունի չափ փիէսներ, որոնցմէ ոմանք՝ իր սեփական գրառումները: Թատրոնը իր տարերքն էր: Ան կանուխէն ինկած էր Մելպոմէնէի հմայքին տակ: Պէտք էր տեսնե՜լ իր ուրախութիւնը, երբ 2008-ին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի տպարանէն լոյս կ՛ընծայուէր թատերգութիւններու իր հաւաքածոն, «Մոգական հայելիներ» խորագրով (Ռ. եւ Թ. Գարօլան հիմնադրամ, թիւ 4): Այստեղ, 260 էջերու երկայնքին մէկտեղուած էին վեց թատերախաղեր: Վստահաբար, ան իր արխիւին մէջ ունէր անտիպներ եւս:

Եթէ Մ. Քէշիշեանի մայր դիմագծութիւնը կը նոյնանար թատերական գործունէութեան հետ, ապա անոր հանրային ծառայութեան երկրորդ դաշտն ալ դարձաւ հայ դպրոցը: 2003-ին ան պաշտօնի կոչուեցաւ ի՛ր դպրոցին՝ Լազար Նաճարեանի մէջ, որպէս ընդհանուր հսկիչ, տեսուչ: Բայց ան իր ուսերուն առաւ այլ պարտականութիւններ ալ: Իր վերահսկողութեամբ ու ցուցմունքներով է որ կը սարքուէին վարժարանին ամավերջի հանդէսներն ու գեղարուեստական ներկայացումները, ատենամարզանքները: Բնաւորութեամբ մեղմ էր, ծայրայեղօրէն փափկանկատ ու բոլորին նկատմամբ (աշակերտ թէ պաշտօնակից) յարգալիր ու հայրախնամ:

Քէշիշեան, միաժամանակ, գիրի աշխոյժ սպասարկու մըն էր:

Երբ ծայր տուաւ Սուրիոյ ներքին պատերազմը (2011), ան կարծէք եռապատկեց, քառապատկեց իր գրչի աշխատանքները: Կարճ ժամանակի մէջ ան դարձաւ շատ փնտռուած յօդուածագիր մը, որ անաչառօրէն ու բացառիկ ճշմարտախօսութեամբ իր վկայութիւնները կու տար երկիրը պատուհասող աղէտներուն մասին: Կը գրէր առատօրէն ու յանդուգն մատնանշումներով: Կը նկարագրէր հայկական թաղերու քանդումները, հայոց կրած վնասները, առանց սակայն մոռնալու տեղացի արաբ տարրին ալ մեծղի կորուստներն ու անպատմելի ցաւերը: Ուրիշներ ալ գրառումներ կատարեցին այդ տարիներուն: Սակայն Մանուէլ Քէշիշեանի սրտագրաւ նկարագրութիւնները, վերլուծումները, մեկնաբանութիւնները մնացին ամէնէն վստահելիները, ամէնէն արդարամէտները: Ինք կը տեսնէր «վարագոյրին ետին» թաքնուած իրողութիւնները ու կը մատնանշէր զանոնք: Իր այս գրութիւններուն մեծ մասը ան կը հրապարակէր երեւանեան «Սիվիլնէթ»-ի կայքէջին վրայ, ուրկէ ալ կ՛արտատպուէին անոնք սփիւռքահայ բազմաթիւ թերթերու կողմէ: Վերջին տասը տարիներուն, փաստօրէն, Մանուէլ Քէշիշեան նուաճեց սիրուած հրապարակագիրի փայլուն դիրք մը: Ի դէպ, նոյն պատերազմի տարիներուն, ան ստանձնեց նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ լրատու պաշտօնաթերթին՝ «Հայեացք» պարբերականին խմբագրութիւնը ու սիրուն թիւեր դրաւ ընթերցողին սեղանին: Կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ Սուրիահայ Գրողներու Համախմբումի «Երթ» տարեգիրքին ալ:

*

Նախախնամութեան խորհրդաւոր մէկ կարգադրութեան արդիւնքն էր երեւի՝ որ Մանուէլ Քէշիշեանի հրապարակած ամենավերջին գրութիւնը ըլլար այն ծաւալուն հարցազրոյցը, զոր ան կատարեց ինծի հետ, դպրոցական վերամուտի անմիջական նախօրէին: Ինք հարցումներ ուղղեց ինծի ու ես պատասխանեցի իրեն՝ երկարօրէն ու սրտբաց, զրուցելով Հալէպի մեր դպրոցներուն, միութիւններուն եւ արեւմտահայերէնի դիմագրաւած լեռնակուտակ դժուարութիւններուն մասին: Հարցազրոյցը երեւցաւ «Սիվիլնէթ»-ի կայքէջին վրայ, անցնող Օգոստոս 25-ին: Ասիկա, դժբախտաբար, դարձաւ իր «Կարապի երգը»…:

Խորհրդաւոր «դէպք» մըն ալ պատահեցաւ իր մահէն գրեթէ օր մը առաջ:

Երեքշաբթի, 4 Հոկտեմբերն էր: Առաւօտեան առաջին պահուն՝ դասարանն էի արդէն ու աշակերտներուս հետ կը զրուցէի օրուան դասանիւթին՝ Յակոբ Պարոնեանի մասին: Գրատախտակին վրայ գրած էի երգիծաբանին ամփոփ կենսագրականը: Դասարանին դուռը բաց էր ու իմ ձայնը հաւանաբար կը լսուէր միջանցքին մէջ…: Ճիշդ այդ պահուն պր. Մանօն երեւցաւ դռան սեմին ու իր ակնարկը սեւեռեց դասարանէն ներս: Փափկանկատօրէն՝ ներս չմտաւ, բայց ես կանխեցի զինք ու հրաւիրեցի որ ներս հրամմէ…: Ընդառաջեց առանց տատամսելու: Ուզեց քանի մը խօսք ուղղել աշակերտներուն.

— Տղա՛ք,– ըսաւ ակնյայտօրէն յուզուած ձայնով մը– կ՛ուզեմ որ շա՛տ լաւ արժեւորէք հայերէնի դասապահերը: Յա՛րգը գիտցէք ձեր հայերէնի ուսուցիչին, ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք զինք ու բնաւ մի՛ մոռնաք՝ թէ Բարեգործականը այս դպրոցը բացած է մեր մայրենին սորվեցնելու համար…:

Վերջին բառերը խառնուեցան դասապահին աւարտը ազդարարող զանգի ձայնին…:

Դասարանէն դուրս ելանք միասին: Գոհունակութիւն յայտնեց որ դպրոցին գործերը կարգի մտած էին ու ամէն ինչ կ՛ընթանար հեզասահ կերպով: «Ցտեսութիւն» ըսինք՝ առանց իմանալու թէ անգամ մըն ալ պիտի չտեսնէինք զիրար…: Աշակերտութեան ուղղած իր խօսքերը «պատգամ» դարձան կարծէք ու անտեսանելիօրէն դրոշմուեցան պատերուն վրայ.«Լա՛ւ արժեւորեցէք հայերէնի դասապահերը»…:

Մեկնեցա՜ւ անսպասելիօրէն, առանց «Մնաք բարով»-ի:

Հիմա ո՞վ պիտի տնօրինէ դպրոցը, ո՞վ պիտի սարքէ անոր ամավերջի հանդէսները, ո՞վ սրտցաւօրէն պիտի գրէ հայաթափուած Նոր Գիւղի եւ միւս հայաբնակ մեր թաղամասերուն մասին, ո՞վ պիտի համալրէ այն աշխատասիրութիւնը, որ կը նպատակադրէր տալ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ շրջանի ամբողջական պատմութիւնը (այս գործը յանձնուած էր իրեն), մա՛նաւանդ ո՞վ պիտի կարենայ մամուլի էջերէն ջոկել Հալէպի պատերազմին առնչուող իր թանկագին վկայագրութիւնները ու հատորով մը պատմութեան յանձնել զանոնք:

Ճիշդ վեց տարի առաջ, 2016-ի Հոկտեմբերին, Հալէպի պատերազմի թէժ օրերուն, յուզիչ յօդուած մը ստորագրած էր ան մամուլի մէջ՝ «Հողին յանձնեցինք մեր ժպիտը» խորագրով: Հոն, թարգման հանդիսացած էր ինք բովանդակ հալէպահայութեան արցունքին ու վիշտին. նկարագրած էր իրարու յաջորդող յուղարկաւորութիւնները այն հէք զոհերուն, որոնք կոյր փամփուշտներու կամ հրթիռներու թիրախ կը դառնային ամէն օր…:

Վեց տարի ետք՝ Հալէպը խաղաղած է, յարաբերաբար: Բայց Մանուէլ Քէշիշեանի անժամանակ կորուստով՝ մենք դառնօրէն ու անգամ մը եւս «հողին յանձնեցինք մեր ժպիտը»…:

 

Լեւոն Շառոյեան
Հալէպ

Նիւթը՝ «Պայքար» շաբաթաթերթէն