image

Վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ական Վիգէն Մարաշլեանի կորուստը՝ Հալէպի մէջ

Վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ական Վիգէն Մարաշլեանի կորուստը՝ Հալէպի մէջ

Օրերս Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամ, նուիրեալ միութենական  Վիգէն Մարաշլեանը։

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց  Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ի  պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ հրապարակուած հակիրճ մահագրականը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ միութեան «Ծառայութեան» շքանշանակիր եւ վաստակաշատ  Հ.Մ.Ը.Մ.ական`

 ԵՂԲ. ՎԻԳԷՆ ՄԱՐԱՇԼԵԱՆ-ի

մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 4 Փետ. 2025-ին, Հալէպի մէջ։

Եղբ. Վիգէն Մարաշլեան եղած է սկաուտ, Հալէպի մասնաճիւղի Սկաուտ խորհուրդի անդամ, ապա Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ խորհուրդի անդամ։

 Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը 2024-ին զինք գնահատած է «Ծառայութեան» շքանշանով։ 

Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հաւատաւոր եղբօր ընտանիքին եւ հարազատներուն: 

Յիշատակը անթառամ կը մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ական սերունդներուն մէջ: