Անհատական կեանքի յաջողութենէն բացի Յարութ Թորոսեան հանդիսացած է նուիրեալ կուսակցական եւ մինչեւ իր կեանքի աւարտը մնացած է հաւատարիմ մէկ զինուորը իրեն համար պաշտելի ՀՅԴ-ին։
Ան եղած է նաեւ մշտական ներկայութիւն իր շրջանին մէջ ու յաճախ ալ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած էՃեմարանին եւ Նուպարեան վարժարանին։
Լիբանանահայ շրջանակներուն համար յիշատակելի անուն հանդիսացող Յարութ Թորոսեանի մահուան բօթը ստացանք՝ Պոսթընէն։
Վերջին տարիներուն Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Թորոսեան սիրուած ու յարգուած անձնաւորութիւն ըլլալով, իր բոլորանուէր նեցուկը ցոյց տուած է համայնքային կեանքին եւ այդ նշանաւորուած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ծանրագոյն օրերուն։
Թորոսեան եղած է արհեստաւոր եւ իր ճարտար ըլլալուն համար ալ տիրացած է «Տոքթոր Ֆիաթ» ծածկանունին։ Այդպիսով իր բարեկամներն ու հարազատները ուզած են յարգանքի տուրք մը տալ իրեն, բացատրելով, որ վարպետ Յարութը կրնայ լուծել նոյնիսկ անլուծելի խնդիրները։
Ազատուհի Թորոսեանին հետ ընտանեկան բոյն կազմած Յարութ Թորոսեան բախտաւորուած է չորս դուստրերով՝
Անի, Բալիկ, Գարլա Արթիվին, որոնք բոլորն ալ ստացած են հայեցի դաստիարակութիւն՝ ըլլալով Պէյրութի Համազգայինի Ճեմարանի փայլուն աշակերտներէն։
Անհատական կեանքի յաջողութիւնէն բացի Յարութ Թորոսեան հանդիսացած է նուիրեալ կուսակցական եւ մինչեւ իր կեանքի աւարտը մնացած է հաւատարիմ մէկ զինուորը իրեն համար պաշտելի ՀՅԴ-ին։
Եղած է նաեւ մշտական ներկայութիւն իր շրջանին մէջ ու յաճախ ալ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած է Ճեմարանին եւ Նուպարեան վարժարանին։
Յարութ Թորոսեանի կորուստի լուրն իմանալով իր դիմատետրեան էջին յուզիչ գրառում մը կատարած է ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի երբեմնի պատասխանատուներէն՝ Տիար Մուրատ Գաբլանեան, որ այս առթիւ գրած է․
«Ամէն մարդու նման ես ալ կ՛ուզեմ երկար ապրիլ , կ՛ուզեմ նաեւ իմ շրջապատիս մօտիկ թէ հեռու բոլոր ծանօթ ընկերներս ու բարեկամներս ալ երկար ապրին, որպէսզի անոնցմէ ոեւէ մէկուն կորուստի ցաւը չ՛ապրիմ ։
Այսօր մտերիմ ընկերոջս մահուան տխուր բօթը, զիս շատ յուզեց ։
Ոչ եւս է ընկեր Յարութ Թորսեանը ։
Հաւատաւոր Դաշնակցական մը -
Օրինակելի հայր մը , Յարութը ։
Ոչ եւս է Docteur Fiat ը։»
Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուին առաջիկայ 18 փետրուարին՝ Պոսթընի Հայ Առաքելական Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ։
Այս առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն, ի մասնաւորի յիշելով անունը մեր թերթի ազնիւ բարեկամներէն, հանգուցեալի եղբօրորդի՝ Տիար Արա Թորոսեանին։
Հանգուցեալը Արա Թորոսեանի դուստրերուն հետ