Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը բաւարարած է Գորիս համայնքի ղեկավար, «Հայաստան» դաշինքէն պատգամաւորի թեկնածու Առուշ Առուշանեանը կալանաւորելու միջնորդութիւնը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ անոր փաստաբանը, Առուշանեանը երկու ամիս պիտի մնայ կալանքի տակ:
Աւելի վաղ դատախազութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած էր, որ ՀՀ Սիւնիքի մարզի Գորիս համայնքի ղեկավարը 20 Յունիսին ՀՀ-ի մէջ կայացած Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին ուղղակի դիտաւորութեամբ նախապատրաստած է ծանր յանցագործութիւն՝ ընտրութիւններուն մասնակցելու եւ «Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքի օգտին կողմ քուէարկելու համար նոյն համայնքի Քարահունջ բնակավայրի երկու կամ աւելի ընտրողի կաշառք տալը, սակայն անոր կամքէն անկախ հանգամանքներով յանցագործութիւնը աւարտին չէ հասած:
Բացի այդ, փաստական տուեալներ ձեռք բերուած են նաեւ այն մասին, որ համայնքի ղեկավարը կազմակերպած է նոյն ընտրութիւններու ժամանակ Գորիս համայնքի Քարահունջ բնակավայրի որոշ ընտրողներու ընտրական իրաւունքի ազատ իրականացման խոչընդոտելը, ինչպէս նաեւ այլ կախուածութիւնն օգտագործելով ընտրողներուն կուսակցութիւններու յիշեալ դաշինքի օգտին կողմ քուէարկելուն հարկադրելը: