Օրերս Հալէպի հայկական համայնքի երեք հոգեւոր պետերը իրենց հերթական հանդիպումը կայացուցած են։
Ստորեւ այդ մասին կատարուած լրատւութիւնը ՝
Չորեքշաբթի, 15 Ապրիլ 2026-ին, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի հիւրընկալութեամբ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան հերթական հանդիպում ունեցան Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդարանէն ներս:
Տօնական մթնոլորտի մէջ, բայց նաեւ ներկայ իրավիճակին առնչուող զանազան նիւթերու շուրջ Համայնքապետները խորհրդակցեցան եւ աղօթեցին, որ աստուածային օրհնութեամբ եւ համագործակցութեամբ յաղթահարեն բոլոր դժուարութիւններ