image

Գրիգոր Զօհրապ. Դաւաճա՞ն թէ հանճար

Գրիգոր Զօհրապ. Դաւաճա՞ն թէ  հանճար

Պոլսոյ  «Ժամանակ» օրաթերթի 5 Օգոստոս 2021-ի «Նժար. Գ. Զօհրապ Ընդդէմ «Cabaret»-ի» խորագրեալ յօդուածս պատճառ դարձաւ որ մարդիկ Զօհրապի անձին եւ գործունէութեան շուրջ հաշուեկշիռ մը կատարեն՝ որոշելու համար կ'արժէ՞ մեծարել Զօհրապ գրողը, թէ պէտք է նուաստացնել՝ որպէս դաւադիր: 

Այս հարցը մի՛շտ ալ առաջ բերած է հայ ժողովուրդը՝ հենելով այն վարկածին, որ Զօհրապ մօտիկ յարաբերութիւններ ունեցած է Թուրք մեծաւորներու եւ Փաշաներու հետ: 

Նախքան Զօհրապի մասին խօսիլը, ըսենք, որ մեր անձնական համոզումով գրութեան մը արժէքը կը չափուի նախ գրուածով՝ եւ ապա գրողով: Ցաւ ի սիրտ մեր բժշկութեան կարօտ ախտերէն մէկը գրութիւնը գրողով դատելուն մէջ կը կայանայ եւ գրուածքին ներքին բովանդակութենէն աւելի հեղինակի անունն է որ կ'որակաւորէ: Ինչեւիցէ. այսօր մեր նիւթը Զօհրապն է...: 

Ամէնէն առաջ պէտք է բոլորիս համար յստակ ըլլայ, որ Գրիգոր Զօհրապ գրագէտ, վիպագիր եւ հրապարակախօս ըլլալէ առաջ փաստաբան է, իսկ գրականութիւնը պարզապէս ներքին ձիրք ու հաճոյք էր, որմէ երբեք ալ նիւթական ապահովելու միտում չունէր: Պէտք է յստակ ըլլայ որ Զօհրապ Պոլսոյ առաջնակարգ փաստաբաններէն մէկն էր եւ հայ փաստաբաններու մէջ՝ առաջինը. ան խօսելու, արտայայտելու եւ համոզելու ձիրքով ապահոված էր եզական դիրք մը Պոլսոյ փաստաբաններու շարքին մէջ: 

Ի տարբերութիւն միւս փաստաբաններուն Գրիգոր Զօհրապ հայերէնի եւ թուրքերէնի կողքին հաւասարապէս ֆրանսախօս մըն էր եւ այս մէկը իր անձին կու տար յայտնի առաւելութիւն մը եւ այսպիսով ինք կրնար մտնել Առեւտրական Առաջին դատարան՝ զբաղուելու համար նաեւ օտարներու դատով: 

Սակայն Զօհրապի Օսմանեան կայսրութեան հետ կապը չի՛ սահմանափակուիր այսքանով: Օսմանեան Սահմանադրական Հայ Մարմինի նպատակն էր Օսմանեան խորհրդարանի համար հայ անդամներ նշանակել եւ այս առիթով օրուայ Պոլսոյ թերթերու մէջ լոյս կը տեսնէ հետեւեալ յայտարարութիւնը.- «ո՛վ որ կ'ընդունի իր պատրաստած ծրագիրը եւ խոստանայ զայն պաշտպանել, թող ինքզի՛նք իբր ընտրելի ներկայացնէ Օսմանեան երեսփոխանութեան: Թեկնածուներու ութ հոգինոց ցանկին մէջ մաս կը կազմէ նաեւ Գրիգոր Զօհրապ, որ քուէարկութեան ընթացքին ձայներու մեծամասնութեամբ (45 քուէ) կը նշանակուի Պոլսոյ Երեսփոխանութեան ընտրելի: Գործօն մասնակցութիւն կը բերէ Օսմանեան փաստաբաններու վարիչ մարմնին. կ'անդամակցի նաեւ Օսմանեան Իրաւագիտական կաճառի տնօրէն խորհուրդին: Նկատի ունենալով վերոյիշեալ բոլոր յատկանիշները, բնական է որ Զօհրապ  Օսմանեան Կայսրութեան մեծաւորներուն կողմէ ճանաչելի անձնաւորութիւն մը ըլլար։ Պէտք է նկատի ունենալ, որ Գրիգոր Զօհրապ մօտիկ յարաբերութիւններ ունէր նաեւ այդ օրերու Անգլիոյ եւ Ռուսական դեսպաններուն հետ, որոնք իրենց դատերը կը վստահէին Զօհրապի, որուն որպէս գնահատանք 1903 թուականին կը ստանայ ռուս դեսպանատան թարգմանի իրաւագէտ-խորհրդական տիտղոսը: 

Եթէ լաւ ուսումնասիրենք պատմութիւնը, պիտի տեսնենք որ Զօհրապի յարաբերութիւնները Օսմանեան կառավարութեան հետ «մեղր ու կարագ» չէին: Նախքան 1908 թուական՝ Օսմանեան Սահմանադրութեան վերահաստատումը Զօհրապի դէմ արգելք դրուած էր մուտք գործել Օսմանեան դատարաններ, որուն դէմ Զօհրապ մաքառեցաւ ամբողջ երկու տարի, սակայն սահմանադրութեան հաստատումով ո՛չ միայն դատարաններու դուռերը բացուեցան անոր առջեւ, այլեւ իրաւագիտական համալսարան հրաւիրուեցաւ՝ որպէս  դասախօս: Այսպիսով Զօհրապին առիթ կը տրուէր աւելիով մուտք գործելու օրէնքի գծած սահմաններուն մէջ: 

Սակայն հարցը հետեւեալն է. որպէս փաստաբան, որպէս Երեսփոխան ի՞նչ կատարեց Զօհրապ հայ ազգի համար: Պատասխանը քաղենք իր խօսքերէն.-

Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբեր 1908 թուականին դարձեալ  «Ժամանակ» թերթը իր 3-րդ էջին մէջ կը մէջբերէ Գրիգոր Զօհրապի խօսքերը.- 

«Իբրեւ փաստաբան ջարդէն շատ առաջ մեր Զէյթունցի հայերը պաշտպանեցի Վճռաբեկ Ատեանին  առջեւ, պաշտպանեցի այնպիսի արիութեամբ որ իսկոյն այդ Ատեանը ձերբակալմանս որոշում տուաւ եւ ամիս մը փախստական շրջելէս վերջը անուղղակի միջոցներով բանտարկութենէս ազատեցայ: Ջարդին առթիւ Արտասովոր Ատեանին առջեւ շատ մը պանդուխտ Հայերու հետ պաշտպանեցի Աբիկ Էֆ. Ունճեանը, ձրիաբար, ոչ թէ իր անձին համար, որուն հակառակորդն էի, այլ համայն ազգաբնակութիւնը պաշտպանելու համար» («Ժամանակ», Ա. Տարի, թիւ 9, 24 Հոկտեմբեր, 1908):

Հակառակ Զօհրապի խօսքերուն, միւս կողմէ չենք կրնար ժխտել թէ Զօհրապ միշտ մնացած է իր ուղղամիտի դերին մէջ, որուն մէկ օրինակը կը տեսնենք Ատանայի կոտորածէն ետք կախաղան հանուած վեց հայերու դատին ընթացքին: Իթթիհատական ղեկավարները կ'առաջարկեն Զօհրապի ետ կենալ այդ դատավարութենէն, ընտանիքներուն փոխանցուելիք դրամական հատուցումի փոխարէն. ընտանիքները կը մերժեն առաջարկութիւնը եւ փափաք կը յայտնեն շարունակելու համար դատը: Ընտանիքները ամիսներով կը դիմեն, կը պաղատին եւ վերջապէս յուսահատ կ'անհետանան եւ դատը կը մնայ անհետեւանք: 

Իր կենդանութեան եւս Զօհրապ մեղադրուած է լաւապէս հայոց հարց չի՛ պաշտպանելու առնչութեամբ, որուն համար 25 Նոյեմբեր 1911-ին Ազգային ժողովի մէջ կ'ըսէ .- «... կը քննադատեն մեզ... կը մեղադրեն... թէ չենք գիտեր մեր իրաւունքը պահանջելու եղանակը, կամ գիտենք եւ անփութութիւն կը ցուցնենք...»: 

Բոլոր տուեալները միատեղ, չենք կրնար մերժել Զօհրապի անձի կարեւորութիւնը այդ ժամանակաշրջանի հայ կեանքէն ներս: Զօհրապի անտարբեր չըլլալու մեծագոյն փաստերէն մէկը անոր գրած յիշատակագիրն է Վարչապետ Սայիտ Փաշային, որ լոյս տեսած է Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 1912-ի «Ազատամարտ» օրաթերթի Ա. Էջին մէջ. որուն առաջին տողերով կ'ըսէր.-

«Բարձրապատիւ տէր,

«Հակառակ անոր որ Սահմանադրութեան հռչակումէն ի վեր չորս տարի անցած է, Անատոլուի հայաբնակ նահանգներու կացութեան մէջ բարելաւման ո՛չ մէկ նշան երեւցած է. ընդհակառակը վերջին երկու տարուան ընթացքին այդ կացութիւնը անհանդուրժելի աստիճանի մը հասած է: Յիշեալ նահանգներուն մէջ ինչքի, կեանքի ու պատիւի ապահովութիւն չէ մնացած, ու ջարդի սպառնալիքները պատճառ եղած են որ ժողովուրդը ահ ու սարսափի մէջ ապրի» (կ'առաջարկենք Զօհրապի թշնամիներէն կարդալ յիշատակագիրի ամբողջութիւնը): 

Վստահաբար հայկական հարցով անտարբեր անձ մը նման տողերով պիտի չդիմեր թուրք մեծաւորին, սակայն ըստ մեր կարծիքին, Զօհրապի մեծագոյն սխալներէն մէկը Սահմանադրութեան ու օրէնքի ուժին հանդէպ ունեցած վստահութիւնն էր: Տակաւին կարելի է երկա՜ր խօսիլ Զօհրապի քաղաքական եւ հանրային գործունէութեանց մասին, սակայն անուրանալի է, որ թուրք մեծաւորներ պարտաւո՛ր էին Զօհրապի մօտիկ ըլլալ, որովհետեւ այդ ժամանակաշրջանին չկա՛ր մէկը աւելի վտանգաւոր իրենց համար՝ քան Զօհրապ՝ իր փաստաբանի յայտնի համբաւով: 

Դրամը երկու երես ունի... Զօհրապ ալ ունի իր գրագէտի եւ փաստաբանի երկու երեսները. գիտնա՛նք զանազանել: 

 

Հրայր Տաղլեան 

 

Հրայր Տաղլեան

Հրայր Տաղլեան

Ծնած է Պէյրութ-Լիբանան, 8 Փետրուար 1992-ին: Ա...