image

Գրաւը երկարատեւ հրադադարն է. Չաւուշօղլուն Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութեանց կարգաւորման մասին խօսած է

Գրաւը երկարատեւ  հրադադարն  է. Չաւուշօղլուն Թուրքիա-Հայաստան  յարաբերութեանց կարգաւորման մասին խօսած է

Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն հաստատած է Երեւանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Անգարայի մտադրութիւնը եւ նշած, թէ այն որ պարագային տեղի կ'ունենայ:

Այս մասին թուրք նախարարը յայտնած է Անգարայի մէջ գերմանացի գործընկեր Հայկօ Մաասի հետ կայացած համատեղ ասուլիսի ժամանակ: Չաւուշօղլուն յիշատակած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ձեռք բերուած հրադադարի ռեժիմը՝ ստեղծուած իրավիճակն անուանելով «լաւ հնարաւորութիւն»:

«Եթէ հրադադարը երկարաժամկէտ ըլլայ, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կրնան քայլեր ձեռնարկել Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար: Մենք Ատրպէյճանի հետ միասին պիտի համակարգենք այդ գործընթացը»,-  ըսած է թուրք նախարարը: