Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն հաստատած է Երեւանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Անգարայի մտադրութիւնը եւ նշած, թէ այն որ պարագային տեղի կ'ունենայ:
«Եթէ հրադադարը երկարաժամկէտ ըլլայ, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կրնան քայլեր ձեռնարկել Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար: Մենք Ատրպէյճանի հետ միասին պիտի համակարգենք այդ գործընթացը»,- ըսած է թուրք նախարարը: