image

Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացման յոյսը միայն կարգաւորումէն ետք. Թոմաս Պարաք

Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացման յոյսը միայն կարգաւորումէն ետք. Թոմաս Պարաք

Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուժանիւթի միջանցքը կրնայ չափազանց շահաւէտ ըլլալ ապագային:

Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թոմաս Պարաք։

Ան ընդգծած է, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարեւորագոյն դեր կը խաղան Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի համար: Դիւանագէտին խօսքով, Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումէն յետոյ «հայ-թրքական սահմանի բացման յոյսը կը յայտնուի»:

«Կասպից ծովէն Միջերկրական ծով երթուղիի երկարաձգումը ճանապարհ կը բանայ տարածաշրջանային բոլոր ուժանիւթի հարցերուն լուծման համար»,-նշած է Պարաք: