Երդուեալ թշնամիներ՝ Հայաստան եւ Ատրպէյճան, յայտարարած են, որ կը մօտենան խաղաղութեան համաձայնագիրը կնքելու, իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման վրայ հիմնուած։ Բայց Արցախի գաղթականներէն քիչեր կը բաժնեն այս յոյսը։ «Ես չեմ հաւատար ատրպէյճանցիներու հետ խաղաղութեան», կ՛ըսէ 65ամեայ գաղթական Բորիս Դոլուխանեան, որուն որդին զոհուած էր 2020ի 44օրեայ պատերազմին։ «Ինչպէ՞ս կրնանք ապրիլ իմ երեխան սպաննած թուրքերուն կողքին։ Մենք պէտք է այնքան զօրանանք, որ ուժով ետ առնենք մեր հողը», կ՛ըսէ Դոլուխանեան եւ կ՛աւելցնէ, թէ իր ընտանիքը բարեկեցիկ կեանքով կ՛ապրէր Ստեփանակերտի մէջ, ուր ունէին քանի մը տուներ, հողատարածքներ եւ տարաշխարհիկ (exotique) թռչուններու ագարակ մը: «Մենք ձգեցինք մեր դրախտը», կ՛ըսէ ան՝ աւելացնելով, որ իրենք այժմ Երեւանի մէջ վարձած են երեք սենեակնոց բնակարան մը, բայց տան վարձքը իրենց համար այլեւս մատչելի չէ եւ աւելի աժան տուն կը փնտռեն:
«Նախքան Ատրպէյճանի զօրքերու յարձակումը եւ Հայաստան փախչիլը, Սուրէն Մարտիրոսեան վերջին անգամ դիտած է Արցախ գտնուող իր պտղատու այգին եւ այդ օրուընէ ի վեր, այդ տեսարանը կը հետապնդէ զինք: «Մեր գեղեցիկ այգիին պատկերը, զոր ես վերջին անգամ տեսայ, տակաւին աչքիս առջեւ է. Նուռը եւ արքայանարինջը կը փայլէին ծառերուն վրայ՝ պայծառ արեւուն տակ», կ՛ըսէ ան՝ նայելով իր կոշտացած ձեռքերուն», կը հաղորդէ ֆրանսական AFP լրատու գործակալութիւնը:
«65ամեայ ղարաբաղցիին ութ հոգինոց ընտանիքը մաս կը կազմէ այն աւելի քան 100 հազար հայերուն, որոնք փախուստ տուին Ղարաբաղէն, երբ Ատրպէյճան Սեպտեմբերին կայծակնային յարձակման ընթացքին գրաւեց շատոնց վիճելի տարածաշրջանը: Լեռնային շրջապատուած տարածքին ամբողջ հայ բնակչութեան արտագաղթը Հայաստանի մէջ գաղթականներու ճգնաժամի պատճառ դարձաւ», կը գրէ AFP-ն՝ աւելցնելով. «19 Սեպտեմբերին, մեր տունէն քիչ մը հեռու լսեցինք գնդացիրներու կրակոցներ եւ հրետանիի արկերու պայթումներ», կը պատմէ Սուրէնին հարսը՝ Արեւիկը։ «Սկիզբը կը խորհէինք, որ սովորական բախում է թուրքերուն հետ (նկատի ունի ատրպէյճանցիները), բայց յետոյ եկաւ մեր գիւղապետտ ու ըսաւ, որ բոլորս պէտք է փախչինք, որովհետեւ թուրքերը արդէն գիւղին մուտքին են»։
Այժմ Մարտիրոսեանները կ՛ապրին պետական օգնութեան շնորհիւ վարձուած խարխուլ տունի մը մէջ՝ Երեւանէն շուրջ 50 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Նոյակերտ գիւղին մէջ։
Սուրէնը ռուս խաղաղապահները եւ Հայաստանի կառավարութիւնը կը մեղադրէ Արցախի Հանրապետութեան անկումին համար՝ նշելով. «Մեր բանակը քաջաբար մարտնչեցաւ՝ պաշտպանելով մեր հայրենիքը, Ռուսիան եւ Հայաստանի կառավարութիւնն է, որ պարտուեցան Ղարաբաղի մէջ»:
26 Սեպտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի ստորագրած հրամանագիրով՝ մինչեւ տարեվերջ Հանրապետութիւնը «կը դադրի գոյութիւն ունենալէ»։ Բայց ան վերջերս հրաժարեցաւ անկէ՝ Երեւանի մէջ կատարած իր մեկնաբանութիւններուն մէջ։
Այդ մէկը որեւէ ազդեցութիւն պիտի չունենայ, որովհետեւ Արցախը այժմ կը գտնուի Ատրպէյճանի ամբողջական վերահսկողութեան տակ, իսկ Երեւան դժուար թէ աջակցի իր տարածքին մէջ Արցախի Հանրապետութեան հաստատութիւններու հետագայ գործունէութեան:
Բայց Շահրամանեանի որոշումին արձագանգեցին բազմաթիւ ղարաբաղցի գաղթականներ, որոնք տակաւին կը փայփայեն Ատրպէյճանէն անջատուելու տասնամեակներու երազանքը: «Մեր զաւակները անընդհատ մղձաւանջի մէջ են. գիշերները կու լան եւ անդադար կը հարցնեն, թէ ե՛րբ տուն պիտի վերադառնան», կ՛ըսէ Արեւիկը եւ կ՛աւելցնէ. «Մենք կը վերադառնանք մէկ պայմանով՝ եթէ թուրքերէն անջատ ապրինք, եւ մեր զաւակներու ապահովութիւնը 100 տոկոսով երաշխաւորուած ըլլայ»։
Երդուեալ թշնամիներ՝ Հայաստան եւ Ատրպէյճան, յայտարարած են, որ կը մօտենան խաղաղութեան համաձայնագիրը կնքելու, իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման վրայ հիմնուած։ Բայց Արցախի գաղթականներէն քիչեր կը բաժնեն այս յոյսը։ «Ես չեմ հաւատար ատրպէյճանցիներու հետ խաղաղութեան», կ՛ըսէ 65ամեայ գաղթական Բորիս Դոլուխանեան, որուն որդին զոհուած էր 2020ի 44օրեայ պատերազմին։ «Ինչպէ՞ս կրնանք ապրիլ իմ երեխան սպաննած թուրքերուն կողքին։ Մենք պէտք է այնքան զօրանանք, որ ուժով ետ առնենք մեր հողը», կ՛ըսէ Դոլուխանեան եւ կ՛աւելցնէ, թէ իր ընտանիքը բարեկեցիկ կեանքով կ՛ապրէր Ստեփանակերտի մէջ, ուր ունէին քանի մը տուներ, հողատարածքներ եւ տարաշխարհիկ (exotique) թռչուններու ագարակ մը: «Մենք ձգեցինք մեր դրախտը», կ՛ըսէ ան՝ աւելացնելով, որ իրենք այժմ Երեւանի մէջ վարձած են երեք սենեակնոց բնակարան մը, բայց տան վարձքը իրենց համար այլեւս մատչելի չէ եւ աւելի աժան տուն կը փնտռեն:
Վերջինիս 10ամեայ թոռնուհին՝ Ռուզաննան, կ՛ըսէ, թէ իր Սուրբ Ծննդեան փափաքն է, որ «Կաղանդ պապան հրաշք գործէ, որպէսզի կարենան տուն վերադառնալ»: