image

Ֆրանսա. «Քորոնա»էն մահացածներու թիւը անցած է 75 հազարը

Ֆրանսա. «Քորոնա»էն մահացածներու թիւը անցած է 75 հազարը

 

Ֆրանսայի մէջ վերջին մէկ օրուան մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման 23 770 նոր դէպք արձանագրուած է, կը հաղորդէ RT-ն:

 

Երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ վարակուած անձանց ընդհանուր թիւն անցած է 3 միլիոնը՝ կազմելով 3 130 629:

Համավարակի բռնկումէն ի վեր երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրէն մահացած է 74 800 մարդ, 348-ը՝ վերջին մէկ օրուան մէջ:

Վարակման ամէնէն շատ դէպքեր արձանագրուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ, որուն կը յաջորդեն Հնդկաստանը, Պրազիլը, Ռուսաստանը, Մեծ Բրիտանիան:

«Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած հիւանդութենէն աշխարհի մէջ  մահացած է աւելի քան 2 միլիոն մարդ, որոնցմէ աւելի քան 400 000-ը՝ ԱՄՆ-ի մէջ: Մահացութեան ցուցանիշով առաջատար երկիրներն են Պրազիլ, Հնդկաստան, Մեքսիկա, Մեծ Բրիտանիա, Իտալիա, Ֆրանսա: