image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ մէջ բողոքի ցոյցերու ժամանակ զոհուած է առնուազն 3 մարդ

Սուրիոյ մէջ բողոքի ցոյցերու ժամանակ զոհուած է առնուազն 3 մարդ

Սուրիոյ մէջ բողոքի ցոյցերու ընթացքին զոհուած է առնուազն 3 մարդ եւ կայ 60 վիրաւոր։ Յայտնած է Al Jazeera լրատուականը։

Սուրիոյ Լաթաքիա, Թարթուս եւ Ճապլէ քաղաքներուն մէջ հարիւրաւոր ալաուի սուրիացիներ իջած են փողոց այն բանէն յետոյ, երբ Հոմս քաղաքի մզկիթին մէջ իրականացուած պայթումը ութ մարդու կեանք խլած։

Հակակառավարական ցոյցերու ժամանակ, ուր անվտանգութեան ուժերու մեծ ներկայութիւն նկատուած էր, հնչած են կարգախօսներ, որոնք պարունակած են կառավարման ֆետերալ համակարգի պահանջ։

Զոհերը գրանցուած են ցոյցերը ցրելու ժամանակ։ Զոհերու կարգին կայ նաեւ անվտանգութեան մէկ աշխատակից։

Յիշեցնենք, որ 26 դեկտեմբերին, Հոմս քաղաքի ալաուիներու մզկիթին մէջ աղօթքի ժամանակ տեղի ունեցած էր պայթում, որու հետեւանքով զոհուած էր 8 եւ վիրաւորուած՝ 18 մարդ։ Տեղական պաշտօնեաները Reuters լրատուական գործակալութեան յայտնած էին, որ պայթումը կրնայ առաջացած ըլլալ մահապարտ ահաբեկիչի կամ այնտեղ տեղադրուած պայթուցիկներու պատճառով։ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ հետաքննութիւն կը կատարուի։ Սուրիոյ եւ արտերկրի Ալաուիներու գերագոյն իսլամական խորհուրդի ղեկավարը մզկիթին վրայ յարձակումէն յետոյ կոչ ըրած էր ցոյցերու։