image
Հրատապ լուրեր:

Չինաստանը դատապարտած է Իսրայէլի կողմէ Սոմալիլենտի ճանաչումը

Չինաստանը դատապարտած է Իսրայէլի կողմէ Սոմալիլենտի ճանաչումը

Չինաստանը վճռականօրէն դէմ է Իսրայէլի կողմէ Սոմալիլենտի պաշտօնական ճանաչման՝ որպէս «անկախ ինքնիշխան պետութիւն», ինչպէս նաեւ Իսրայէլի կողմէ Սոմալիլենտի հետ «դիւանագիտական ​​յարաբերութիւններ հաստատելու» համաձայնագիրի ստորագրման։ Ըստ Xinhua լրատուական գործակալութեան՝ այս մասին 29 դեկտեմբերին յայտարարած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Լին Ցզեան։ 

Լին Ցզեան նշած է, որ Չինաստանը վճռականօրէն կ'աջակցի Սոմալիի ինքնիշխանութեան, միասնութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան եւ դէմ է ցանկացած քայլի, որ կը խաթարէ այդ երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը։ 

«Ոչ մէկ երկիր պէտք չէ խրախուսէ կամ աջակցի այլ երկիրներու ներքին անջատողական ուժերուն իր սեփական եսասիրական շահերէն ելլելով», - ճեպազրոյցին ըսած է Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը՝  կոչ ընելով Սոմալիլենտի ներկայացուցիչներուն դադրեցնելու «անջատողական գործունէութիւնը եւ արտաքին ուժերու հետ համագործակցութիւնը»։

Իսրայէլ 26 դեկտեմբերին, դարձաւ առաջին երկիրը, որ պաշտօնապէս ճանցաւ ինքնահռչակուած Սոմալիլենտի Հանրապետութիւնը՝ որպէս անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն՝ ցանկութիւն յայտնելով Սոմալիլենտի հետ անյապաղ համագործակցութիւն հաստատել գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան, ճարտարագիտութեան եւ տնտեսութեան ոլորտներուն մէջ։