Իսրայէլեան օդային հարուածի հետեւանքով Պէյրութի մէջ մահացածներու թիւը գերազանցած է 30-ը։ Ինչպէս հաղորդած են տեղական լրատուամիջոցները, այս մասին յայտարարած է Լիբանանի առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապեատը։
«Զոհերու թիւը հասած է 31–ի»,- ասուլիսի ժամանակ յայտնած է Ապեատը:
Անոր խօսքով՝ զոհերու շարքին կայ 3 երեխայ եւ 7 կին։ Ապեատը նաեւ տեղեկացուցած է, որ օդային հարուածի հետեւանքով տուժած է 68 մարդ, անոնցմէ 53–ն արդէն դուրս եկած են հիւանդանոցներէն: