Օրերս Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Սուրիոյ ՍԴՀԿ-ի, ինչպէս նաեւ ՀՄՄ-ի նուիրեալներէն հանդիսացող Յարութիւն Իսկէնեանը։
«Արեւելք» այս մասին տՏխուր լուրը ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն։
Յարգելով հանգուցեալին յիշատակը ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ իր գաղափարակիցներուն կողմէ պատրաստուած հակիրճ մահագրական խօսքը։
Յարգելի սգակիրներ,
Հաւաքուած ենք մեր սրբատաշ եկեղեցւոյ ներքնասրահը, վերջին յարգանքի տուրքը մատուցելու, այս անցողիկ աշխարհէն առյաւէտ բաժնուած, Կիլիկեան շրջանակի հաւատաւոր ու նուիրեալ մէկ անդամին՝ Ընկ. Յարութիւն Իսկէնեանին։
Ընկ. Յարութիւն Իսկէնեան ծնած է Հալէպ, որդին է հանրածանօթ Նուրի Իսկէնեանին, որ եղած է Նորգիւղի Կիլիկեան վարժարանի հիմնադիրներէն եւ երկար տարիներ՝ հոգաբարձուներու անդամ։
Հանգուցեալը նախնական կրթութիւնը ստացած է Նորգիւղի Կիլիկեան վարժարանի երդիկին տակ, որմէ շրջանաւարտ ըլլալէն ետք նետուած է կեանքի ասպարէզ։ Արհեստի նրբութիւններուն տիրանալէ ետք հիմնած է իր սեփական աշխատանոցը, զորս հետզհետէ կրցած է զարգացնել եւ հասնիլ նախանձելի դիրքի։
Ընտանեկան յարկին տակ ստացած դաստիարակաութիւնն ու ազգային ոգին զինք մղած են փոքր տարիքէն ներգրաւուելու միութենական կեանքին։ Եղած է Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտ եւ սկաուտական խորհուրդի անդամ։ Ապա մաս կազմած է Հ.Մ.Մ.-ի ենթախումբերէն «Սեւան» ֆութպոլի խումբին, նոյն ատեն վարելով խումբին վարչութեան պատասխանատւութիւնը։ Որպէս փայլուն խաղցող զինք նկատի առած են Հ.Մ.Մ.-ի ֆութպոլի առաջին կազմին։
Ժամանակի հոլովոյթին հետ նշանակուած է Նորգիւղի Կիլիկեան վարժարանի հոգաբարձութեան անդամ, նիւթապէս ու բարոյապէս սատարելով դպրոցի յառաջխաղացումին ու շարունակականութեան։
Անդամակցած է Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան, ուր ստանձնած է զանազան պաշտօններ, զորս կատարած է ձեռնհասօրէն։ Մէկէ աւելի անգամներ ընտրուած է Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Վարիչ մարմնի անդամ։ Ան արժանացած է բարերարի կոչումին։
Ընկ. Յարութիւն Իսկէնեան ընտանեկան բոյնը կազմած է Տիկ. Անահիտին հետ եւ բախտաւորուած են երեք զաւակներով՝ Նորայր, Ալիս եւ Մոսիկ։
Այս տխուր առիթով Կիլիկեան Շրջանակի ողջ անդամներուն անունով խորազգաց ցաւակցութիւններ կը յայտնենք հանգուցեալի տիկնոջ, զաւակներուն, մերձաւորներուն եւ գաղափարի ընկերներուն։
Հողդ թեթեւ, յիշատակդ անթառամ, Ընկ. Յարութիւն։