ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգին մէջ անտառային հրդեհները կը շարունակեն զանգուածային աւերածութիւններու պատճառ դառնալ:
CNN-ի հաղորդմամբ՝ Լոս Անճելըսի շրջանի բժշկական փորձաքննութեան վարչութիւնը յայտնած է, որ հինգշաբթի երեկոյեան ծանուցում ստացած է հրդեհի հետեւանքով 10 մահուան դէպքի մասին:
Լոս Անճելըսի տասնեակ հազարաւոր բնակիչներու պարտադիր տարհանման հրաման տրուած է։ Իրավիճակը կը սրեն ուժեղ քամիները, որոնք ժամանակաւորապէս դադրեցուցած են օդանաւերու աշխատանքը:
Հրդեհները ճանչցուած են Լոս Անճելըսի շրջանի պատմութեան մէջ ամենակործանարար հրդեհներէն մէկը: