image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ հարցման արդիւնքներու՝ հանրութեան ամէնէն շատ կրնան համախմբել Միքայէլ Սրբազանը, Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Գագիկ Ծառուկեանը եւ Սամուէլ Կարապետեանը

Ըստ հարցման արդիւնքներու՝ հանրութեան ամէնէն շատ կրնան համախմբել Միքայէլ Սրբազանը, Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը,  Գագիկ Ծառուկեանը եւ  Սամուէլ Կարապետեանը

Իրականացուած է «GALLUP»-ի վերջին հարցումը, կատարուած են հեռախօսային 1,000 հարցումներ: 

Հարցման մէջ ներառուած հարցերէն մէկը գործիչներէն իւրաքանչիւրի հասարակութեան հոգեւոր եւ հասարակական առողջացման ու միասնութեան առաջնորդել կարողանալու յաւակնութեան հարցն է: Այս առումով ամենաբարձր ցուցանիշը գրանցած է Միքայէլ արք. Աջապահեանը՝ 7.2 կէտով: Երկրորդ տեղը ըստ ձայներուն՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ն է՝ 5.7-ով:

Այնուհետեւ ըստ հերթականութեան՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը՝ 5.5, «Մեր ձեւով» շարժման առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանը՝ 5.1, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ 4.7, Բագրատ արք. Գալստանեանը՝ 4.5, ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը՝ 3.4, ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատրեանը՝ 3.3, ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը՝ 2.9, եւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Ռաֆֆի Յովհաննիսեան՝ 2.8-ով:

Ամենացած ցուցանիշը գրանցուած է ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի պարագան՝ 2.4-ով:

Ըստ արդիւնքներուն՝ քաղաքացիներու կարծիքով, հանրութեան ամէնէն շատ կրնան համախմբել Միքայէլ Սրբազանը, Վեհափառը եւ Կարապետեանը: