Facebook-ը տեղեակ է, որ իր ընկերային ցանցերուն մէջ խափանումներ կան: Ընկերութիւնը այդ մասին գրած է Twitter-ի իր պաշտօնական էջին:
Ի դէպ, Տեղեկատուական անվտանգութեան փորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեանը Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած էր, որ ցանցի հայաստանեան տիրոյթի օգտատերէրը եւս կը բողոքեն, բայց դեռ պարզ չէ, թէ խնդիրները ինչէն առաջացած էն։
Նշենք, որ արդէն քանի ժամ է՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ շարք մը այլ երկիրներու օգտատէրերը կը բողոքեն Facebook-ի, WhatsApp-ի ու Instagram-ի աշխատանքէն: Այս երեք ընկերային ցանցերն ալ ընդգրկուած են Facebook ընկերութեան կազմին մէջ, որ խափանումներու ի յայտ գալէն ետք տեւական ժամանակ որեւէ մեկնաբանութիւն չէր տարածեր: