image

Ֆէյսպուքը աշխարհով մէկ խափանուած է. Ընկերութիւնը ներողութիւն կը հայցէ

Ֆէյսպուքը աշխարհով մէկ խափանուած է. Ընկերութիւնը ներողութիւն կը հայցէ

Facebook-ը տեղեակ է, որ իր ընկերային ցանցերուն մէջ խափանումներ կան: Ընկերութիւնը այդ մասին գրած է Twitter-ի իր պաշտօնական էջին:

«Մենք տեղեակ ենք, որ որոշ մարդիկ խնդիրներու կը բախին, երբ կը փորձեն մեր յաւելուածներու միջոցով նկար, տեսանիւթ եւ այլ ֆայլեր վերբեռնել կամ ուղարկել որեւէ մէկուն։ Ի յայտ եկած խնդրի համար կը հայցենք ձեր ներողամտութիւնը եւ կ'աշխատինք հնարաւորին չափ արագ լուծել խնդիրը»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Ի դէպ, Տեղեկատուական անվտանգութեան փորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեանը Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած էր, որ ցանցի հայաստանեան տիրոյթի օգտատերէրը եւս կը բողոքեն, բայց դեռ պարզ չէ, թէ խնդիրները ինչէն առաջացած էն։

Նշենք, որ արդէն քանի ժամ է՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ շարք մը այլ երկիրներու օգտատէրերը կը բողոքեն Facebook-ի, WhatsApp-ի ու Instagram-ի աշխատանքէն: Այս երեք ընկերային ցանցերն ալ ընդգրկուած են Facebook ընկերութեան կազմին մէջ, որ խափանումներու ի յայտ գալէն ետք տեւական ժամանակ որեւէ մեկնաբանութիւն չէր տարածեր: