image

Երեւանի մէջ «Սուրբ Աստուածամայր» հիւանդանոց տեղափոխուած 10 ամսական երեխան մահացած է

Երեւանի մէջ «Սուրբ Աստուածամայր» հիւանդանոց տեղափոխուած 10 ամսական երեխան մահացած է

Shamshyan.com-ի տեղեկութիւններով, հոկտեմբեր 19-ին ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։

Ժամը 10։30-ի սահմաններուն ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Շէնգաւիթի բաժնէն ներս տեղեկութիւններ ստացուած են, որ հոկտեմբեր 18-ին՝ ժամը 21։50-ի սահմաններուն, «յետարիւնազեղային հիտրոցեֆալիա, վիճակ տարած հերովարակի եւ արտաքին դրենաւորումէ ընդհանուր զարգացման յապաւում, սուր ստամոքսաղետապի ցնցումային համախտանիշ» ախտորոշմամբ «Սուրբ Աստուածամայր» հիւանդանոց ընդունուած երեխայ մը մահացած է։

Ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ մահացածը մարզերէն մէկու բնակիչ 10 ամսական Հ․ Ո․-ն է:

Դէպքի փաստով Շէնգաւիթի քննչական բաժնէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։

Քննիչի յանձնարարականով նշանակուած է դիակի դատաբժշկական փորձաքննութիւն։