Օրերս, Հալէպի «Արմէն Գասպարեան» տպագրատունէն լոյս տեսած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Արք․ Աշգարեանի «Սուրբ Յովհաննէս Առաքեալի Եւ Յուդայի Ընդհանրական Նամակները» բացատրողական հատորը, որ սրբազան հօր անխոնջ աշխատանքին արքասիքն է։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Հալէպի «Գանձասար»էն։
Ստորեւ ներկայացուած լրատւութիւնը։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին հրամանաւ եւ հեղինակութեամբ անցեալ շաբաթ Հալէպի «Արմէն Գասպարեան» տպագրատունէն լոյսինի եկաւ հայ գիրքի սպասարկու Մակար Արք․ Աշգարեանի «Սուրբ Յովհաննէս Առաքեալի Եւ Յուդայի Ընդհանրական Նամակները» բացատրողական հատորը, որ սրբազան հօր անխոնջ աշխատանքին արքասիքն է։
379 էջերու վրայ ծաւալող գիրքին կողքի սրբապատկերը կը ներկայացնէ Ս․ Յովհաննէս առաքեալը իր պռոխորոն աշակերտին հետ եւ Յակոբոսի եղբայրը՝ Յուդան, գործն է սրբազան հօր եղբօր՝ Հոգշ․ Տէր Յովսէփ Վրդ․ Աշգարեանի, Իտալիա։
Գիրքը կը հրատարակուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին ազնիւ մեկենասութեամբ։
Յառաջաբանին մէջ Մակար Արք․ Աշգարեան կը գրէ․
«Սիրոյ, կեանքի, լոյսի եւ ճշմարտութեան Աստուծոյ փառք եւ գոհութիւն կը մատուցեմ՝ մեզի պարգեւած բարիքներուն, շնորհքներուն եւ օրհնութիւններուն համար, որոնցմով մեզ կ'օժտէ ու կը լիացնէ։ Գոհութիւն Աստուծոյ նաեւ ծառայական աշխատանքի մղումին համար, որպէսզի իր սուրբ եւ կենդանարար խօսքին միջոցաւ, իր եկեղեցիին` հաւատացեալներու հոգեւոր աճման ու զարգացման ի խնդիր, սնունդ մատակարարենք»։
Ապա կը յիշէ, որ աշխատանքը կը ներառնէ սիրոյ աշակերտ` Ս. Յովհաննէս առաքեալի եւ Յուդայի ընդհանրական նամակներու բացատրութիւնը, կարգ մը եկեղեցական հայրերու մեկնութիւններով ու պարզաբանութիւններով հարստացած:
Մակար սրբազան կը յայտնէ, որ «Առաքեալը իր նամակներուն, յատկապէս առաջին նամակին մէջ, խիստ կերպով կը պայքարի այդ աղանդաւորներուն, կեղծ եւ մոլորեցուցիչ ուսուցիչներուն դէմ, որոնք զանազան տեսութիւններով հանդէս կու գային. մէկը կը մերժէր Քրիստոսի ճշմարտապէս մարդեղացումը եւ զայն սոսկ երեւոյթ կը կոչէր, եւ առընթեր, նիւթը չար որակելով` կը մերժէր ընդունիլ Յիսուս Քրիստոսի աշխարհ գալուստն ու իրաւամբ մարդեղացումը: Միւսը կը մերժէր Քրիստոսի աստուածութիւնը, եւ զայն կ'ընդունէր սոսկ իբրեւ մարդ։ Այլ մոլորեցուցիչ մը կը յայտարարէր, որ Յիսուս սոսկ մարդ էր, եւ իր մկրտութեան ժամանակ միայն երկնային Քրիստոսը գալով` հանգչեցաւ անոր վրայ, որ սակայն խաչելութենէն. անմիջապէս առաջ, ձգելով` հեռացաւ, եւ այլն»:
Անդրադառնալով առաքեալի երկրորդ նամակին, սրբազան հայրը դիտել կու տայ, որ անոր մէջ առաքեալը կը թելադրէ հաւատացեալները՝ ճշմարիտ հաւատքի վայել կերպով ապրելու, որովհետեւ ատիկա նոյնինքն Հայր Աստուծոյ կողմէ տրուած պատուիրանն է։ Եթէ այդպէս ապրինք, ապա շատ դիւրութեամբ կրնանք մենք մեզ հեռու պահել այն բազմաթիւ մոլորեցուցիչներէն, որոնք Աստուծոյ կամքին հակառակ կ'ապրին եւ կը մերժեն ընդունիլ անոր կարգաւորումը, որ կ'առնչուի մարդոց փրկութեան։ Այն փրկութիւնը, որ իրագործուեցաւ Աստուծոյ Միածին Որդիին` Յիսուս Քրիստոսի ճշմարիտ մարդեղութեամբ, խաչի մահովն ու յարութեամբ:
Խօսելով երրորդ նամակին մասին, սրբազան հայրը կը գրէ․ «Առաքեալը իր երրորդ նամակին մէջ. յատուկ կերպով կը թելադրէ, որ քրիստոնեաներ պէտք է հաւատարիմ ըլլան աստուածային կամքին, եկեղեցիին եւ անոր Ուղղափառ ուսուցումներուն։ Ան կը յանձնարարէ նաեւ, որ քրիստոնեան միշտ պատրաստ պէտք է ըլլայ օգնելու իր հաւատակից եղբայրներուն ու քոյրերուն, ապահովելով անոնց պէտքերը: Եւ աւելին, ճշմարիտ քրիստոնեան պէտք է նաեւ հիւրասիրութեան հոգիով յատկանշուի, որ սիրոյ եւ հաւատքի ճշմարտութեան արտայայտութիւնն է»։
Եզրափակելով իր յառաջաբանը, Մակար Արք․ Աշգարեան կ՛արձանագրէ ․«Ի վերջոյ, առաքեալը ծառայութեան մասին խօսելով կը նշէ թէ ի՞նչպէս պէտք է ըլլան եկեղեցւոյ իսկական առաջնորդն ու ղեկավարը, որոնք առաւելաբար խոնարհութեամբ եւ հայրական հոգատար սիրոյ յատկանիշներով պէտք է մասնաւորուին: Ան կը զգուշացնէ գոռոզութենէ, ամբարտաւանութենէ եւ մենատիրութեան ոգիէն, որոնք բնաւ վայել չեն եւ ոչ ալ յարիր եկեղեցւոյ առաջնորդի ու տեսուչի նկարագիրին, առաքելութեան եւ կոչումին»։
Գիրքին լեզուական վերանայումը կատարած է Գերշ․ Տէր Վարուժան Արք․ Հերկելեան։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, շարունակելով իր հրատարակչական բեղուն աշխատանքը, կը ջանայ հաստատել հայ քրիստոնեան իր ճշմարիտ հաւատքին մէջ եւ կարողութեամբ օժտել զայն՝ պաշտպանուելու ընդդէմ անոր, որ միշտ կը փորձէ հրապուրելով շեղել ու մոլորեցնել զինք։