image
Հրատապ լուրեր:

INSPARK | ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ. հարցազրոյց

INSPARK | ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ. հարցազրոյց

Յուլիս 16-ին Իզաուրա Տինիզը (Ի.Տ.) անկեղծ զրոյց մը ունեցաւ Հայկական Բաժանմունքէն Գայիանէ Մածունեանին (Գ.Մ.) եւ Շողեր Մարկոսեանին (Շ.Մ.) հետ, վերջերս մեկնարկած ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ նպաստի ծրագիրին մասին։

ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ-ը Լիբանանի հայ երիտասարդներուն ուղղուած նոր նպաստի ծրագիր է յատուկ մշակուած Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին կողմէ​։

Նախաձեռնութիւնը կը միտի ստեղծագործական արտայայտութեան, ինքնաճանաչումի եւ համայնքային փոփոխութիւններու խթանումին. հրաւէր մըն է Լիբանանի հայ երիտասարդներուն՝ նոր հորիզոններ բանալու, նորարարական գաղափարներ ձեւաւորելու եւ երիտասարդութեան բազմաձայնութիւնը աշխարհին հետ բաժնելու։

Ի.Տ. – Լիբանան. Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը երկար տարիներ իր ջանքերը կեդրոնացուցած է Սփիւռքի վրայ, Բաժանմունքը Լիբանանի մէջ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ իրականացուցած է, ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ-ը նորագոյնն է։ Հոս է որ կը սկսի մեր զրոյցը։

Շ.Մ. – Մենք Լիբանանի մէջ գործուն ենք շատ երկար ժամանակ է ի վեր։ Հակառակ լիբանանահայութեան դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ ողբերգութիւններուն, Լիբանանը կը մնայ արեւմտահայախօսութեան բաբախող սիրտը։ Համայնքը տակաւին կենսունակ է եւ գործունեայ, հայկական դպրոց կը յաճախեն մեծ թիւով աշակերտներ, որ ինքնին արժէք մըն է եւ որուն ուղղութեամբ պէտք է ներդրում ընել։ Վերջին քանի մը տարիներուն մեր ուշադրութեան կեդրոնին է նաեւ մշակոյթի ոլորտը, եւ տրուած ըլլալով որ մեծ արժէք կը տեսնենք երիտասարդութեան հետ աշխատելուն մէջ, կ՚ուզէինք այս երկուքը միաւորելով Լիբանանի հայ երիտասարդներուն հնարաւորութիւններ տալ մտածելու, ստեղծագործելու եւ վերստին յայտնաբերելու իրենց համայնքն ու սեփական ներուժը. մեզի համար այս մէկը ընելը ոչ միայն հաճոյք է, այլեւ պատասխանատուութիւն։

Գ.Մ. – Լիբանանի երիտասարդութեան հետ աշխատանքը շարունակելու գաղափարը նաեւ արդիւնքն է անոնց հետ ունեցած մեր փորձառութեան։ 2020-ի համաճարակի ընթացքին, Լիբանանի համար յատկապէս դժուար ժամանակաշրջան մը, տեղի ունեցաւ Պէյրութի նաւահանգստի պայթումը, եւ այն ժամանակ է որ մենք մեկնարկեցինք «Նորարար մշակոյթ» ծրագիրը։ Չէինք գիտեր ի՞նչ ակնկալել, բայց ի վերջոյ ունեցանք տասը շատ լաւ նախագիծ։ Ուրեմն յստակ էր որ այս բնոյթի նախաձեռնութիւնները կ՚օգնէին երիտասարդութեան՝ դուրս գալու մութ իրականութիւններէն, ներգրաւուելու համար յոյս ներշնչող ծրագիրներու մէջ։ Ուրեմն սկսանք մտածել տարբեր նախաձեռնութիւններու մասին, որոնք կրնային օգնել ոչ միայն պահպանելու, այլեւ զարգացնելու Սփիւռքի պատմութիւնն ու մշակոյթը՝ Լիբանանի երիտասարդութեան միջոցով։ INSPARK | ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ-ն ալ մեկնարկուած է դժուար ժամանակաշրջանի մէջ, նկատի ունենալով որ նպաստին մասին յայտարարեցինք անցեալ տարուան պատերազմէն անմիջապէս ետք։

Շ.Մ. – Երբ մտածենք Լիբանանի մասին, սովորաբար «դիմակայութեան» յղացքը ի մտի կու գայ։ Բնականաբար այս բառը իր մէջ կը պարունակէ բազմաթիւ նրբութիւններ եւ շերտեր, բայց երիտասարդներու համար ստեղծագործելու, նորարար ըլլալու եւ իրենց կեանքին ու համայնքին ուղղութեամբ իմաստալից ներդրում ընելու պայմաններ ունենալը մեծապէս կը նպաստէ այս դիմակայութեան ձեւաւորումին, շարունակականութեան եւ ընդհանուր զարգացումին։

Գ.Մ. – Այո՛, երկար տասնամեակներ լիբանանահայ համայնքը հոգացած է Սփիւռքի մշակութային եւ մտաւոր կարիքները, այժմ Լիբանանի համար շատ դժուար է նոյնութեամբ շարունակել, այսօրուան պայմաններուն։ Հետեւաբար, կարեւոր է ներդրումներ ընել լիբանանահայ համայնքին համար, քանի որ ներուժը մեծ է։

 

Ի.Տ. – Ինքնաշարժ մը որուն անունը «Կայծ» է…։

Գ.Մ. – Երբ կ՚աշխատէի հայեցակարգային փաստաթուղթին վրայ, կը պատրաստուէի մեկնիլ Լիբանանէն։ Մինչ մենք գաղափարներ կը փոխանակէինք ծրագիրին հնարաւոր անուններուն շուրջ, կը մտածէի կեանքիս այս մեծ փոփոխութեան մասին, թէ ի՞նչ պիտի ձգէի Լիբանան երբ մեկնէի, եւ միշտ մեքենաս միտքս կու գար՝  անունը «Spark». երբ «Spark»-ը գնեցի, առջեւս Լիբանանը բացայայտելու նոր հնարաւորութիւններ բացուեցան…։ Կայծը պզտիկ բան մըն է, բայց ան կրնայ նաեւ պայթիլ, դառնալ հրավառութիւն. գեղեցի՛կ հրավառութիւն։ Այսպէս «Spark»-ին վրայ աւելցուցինք «in»-ը, որ կ՚ենթադրէ բան մը որ տեղի կ՚ունենայ ներսդ։ INSPARK | ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ-ը նպատակ ունի խրախուսել երիտասարդներուն՝ գտնելու իրենց մէջ ուսումնասիրութեան եւ յայտնագործութիւններու այդ տարածքը։

 

Ի.Տ. – «Հոսանքի մէջ» թէ՞ INSPARK։

Շ.Մ. – Բառացի թարգմանութիւն չէ անշուշտ. «կայծ»-երու հետ խաղը յաջող չէր, ուրեմն մտածեցինք ելեկտրականութեան հետ խաղալ, հոսանքին հետ. եւ ըլլալ ժամանակակից՝ այսինքն «hոսանքի մէջ»։

 

Ի.Տ. – Վտանգաւոր հարցում. եթէ դիմորդ ըլլայիք, ի՞նչ նախագիծով կը դիմէիք այս նպաստին։

Գ.Մ. – «Ընտրողական» բան մը, քանի որ 2025-ը ընտրողական բնոյթ ունի. դժուար է յստակ սահման գծել բաներու միջեւ…։

Շ.Մ. – Համաձայն. այս օրերուս նախագիծերը կը թուին բնազդաբար միջգիտակարգային ըլլալ։ Մշակոյթն ու ստեղծագործութիւնը դիմումի առանցքը պիտի կազմէին ինծի համար. քանի որ մշակոյթը անմիջական է, առնչելի, եւ փափուկ ուժ մը որ մեծ դրական ներգործութիւն ունի…։

 

Ի.Տ. – Դրական նախանձ. կա՞ն նախագիծեր որոնք դրական նախանձ կ՚առաջացնեն, եւ կը մտածես «ախ, երանի ե՛ս մտածած ըլլայի ասիկա ընել»։

Գ.Մ. – Հաւանաբար շատ ըլլան։ Ես հիմնականին մէջ կը կարօտնամ ստեղծագործական նախագիծերը, որոնց մէջ շատ ներգրաւուած էի, եւ հակառակ որ այսօրուան գործս ալ շատ ստեղծագործական բաղադրիչներ ունի, միայն ստեղծագործ ըլլալը բան մըն է որուն կը ցանկայի կրկին մաս կազմել։ Ասկէ բացի, միշտ ալ շատ հաճելի է Լիբանանէն եկող լաւ նախագիծեր տեսնելը։

Շ.Մ. – Կան նախագիծեր հայկական աշխարհին մէջ որ մեծապէս կը ներշնչեն զիս. ոչ միայն քանի որ շատ լաւ գործ կ՚ընեն, այլեւ յատկապէս քանի որ իրենց բնոյթով կրկնապատկուող են. ճկուն, բաց եւ ներարական ըլլալով կիրարկելի են տարբեր միջավայրերու, տարբեր համայնքներու եւ երկիրներու մէջ ըստ պահանջքի. այս վերջինս կը բազմապատկէ անոնց դրական ներգործութիւնը, եւ գիտելիքն ու ձիրքը կը հասցնէ աւելի լայն հասարակութեան, որ միակ ձեւն է առաջ երթալու ըստ իս։

 

Ի.Տ. – Հայերէնով ի՞նչ բառ կամ արտայայտութիւն պիտի բնորոշէր այս ծրագիրը։

Գ.Մ. – Շարժէ՛. այս սերունդը ամենէն բախտաւորներէն է նիւթերու եւ գիտելիքի առկայութեան առումով։ Երիտասարդները այս մէկը գիտեն, բայց նաեւ կը վախնան. հայ ըլլալը դիւրին չէ ոչ ալ սփիւռքահայ ըլլալը,  բայց մենք մեր կեանքին նկատմամբ լիազօրութիւններ պէտք է ունենանք, ինչպէս նաեւ ձայնի իրաւունք, թէ ինչպէս մեր ներկան կը ձեւաւորէ մեր անձնական եւ հաւաքական ապագան։

Շ.Մ. – Մարտահրաւէր. հակառակ որ այս նպաստի ծրագիրը լաւ ու «արդար» մարտահրաւէր մըն է երիտասարդութեան, ան նաեւ ամբողջական մօտեցում մը կ՚ապահովէ, այսինքն այս մարտահրաւէրին մէջ՝ դիմողները մինակ չեն մնար, մենք անոնց կը զինենք նաեւ գործիքներով եւ գիտելիքով լաւ նախագիծեր իրականացնելու համար։ Կը խորհիմ որ այսպիսի մարտահրաւէրները քիչ են եւ պէտք է նետուիլ անոնց մէջ։

Գ.Մ. – Ըլլալով լիբանանահայ, հաւանաբար երկուքս ալ չկողմնորոշուէինք եւ տատամսէինք՝ եթէ նման առիթ մեզի տրուէր այն ժամանակ. այս իսկ պատճառով է որ հիմա կ՚ուզենք նեցուկ կանգնիլ, վստահ ըլլալու որ դիմողները պիտի չթերագնահատեն իրենց ուժը։

 

Ի.Տ. – Ապագան ինչպէ՞ս է. հինգ տարի անց ինչպէ՞ս կը պատկերացնենք նախագիծին ընթացքը։

Գ.Մ. – Կարծեմ սկիզբը երկուքս էլ կը փափաքինք տեսնել որոշ համայնքի մը ստեղծումը։ Պարզապէս վստահ ըլլալ որ համայնք մը կայ ուր նման նախաձեռնութիւններ կրնան յոյս ներշնչել։ Մենք ենք այն ինչ որ ենք, Լիբանանի շնորհիւ, որ եզակի վայր մըն է, եւ եզակի հնարաւորութիւններ տուած է հայ ժողովուրդին։

Շ.Մ. – Հինգ տարին շատ արագ կ՚անցնի, ի դէպ Բաժանմունքն ալ հնգամեայ ծրագիրներով կ՚աշխատի, բայց այս կայծը ժամանակ եւ սնուցում պէտք ունի հոսանքի եւ շարժումի վերածուելու. անշուշտ նոյնն է պարագան այլ մշակութային ծրագիրներու։ Պէտք է սերտօրէն աշխատինք մարդոց հետ, պէտք է անոնց փոխանցենք նախաձեռնութեան հնարաւորութիւններ, առիթներ տալով մտածելու, ստեղծելու եւ կայանալու։ Երկարակեցութիւն կը մաղթեմ «Հոսանքի մէջ» ծրագիրին։

 

Ի.Տ. – Եթէ միջազգային հարթակ մը անդրադառնար «Հոսանքի մէջ»-ին, ի՞նչ կը փափաքէիք կարդալ վերնագիրին մէջ։

Գ.Մ. – Շատ հաճելի պիտի ըլլար տեսնել, որ մասնակից մը ճանաչում գտնէ, եթէ ոչ այս ծրագիրին միջոցով իր ստեղծածին համար, այլ անկէ ետք իր իրագործածին համար։ Այսօր իսկ մեր կրթաթոշակառուներէն մէկը ինծի հաղորդագրութիւն ղրկեց, ըսելու որ ընտրուած է Լիբանանի Ռոդըրի ակումբի մը նախագահ. այս անձը երկու տարի առաջ մեզմէ կրթաթոշակ ստացած էր։ Նման հաղորդագրութիւն ստանալը լաւագոյն զգացումն է. կը յուսամ որ «Հոսանքի մէջ»-ը ըլլայ ճանապարհ, ոչ թէ նպատակ։

Շ.Մ. – Լաւագոյն գնահատականը պիտի ըլլար, եթէ նախագծերէն մէկը կամ նոյնիսկ նպաստի այս ծրագիրը ինքը ներշնչէր ուրիշները։ Ասիկա բաւական իւրայատուկ ծրագիր է։ Իր հետապնդած բոլոր ազնիւ ու վեհ նպատակներով եթէ միջազգային ձեւով ներկայացուած ըլլար, «Հոսանքի մէջ»-ը արժանի կ՚ըլլար ոգեշնչելու ուրիշներ՝ ընելու նոյնը, ճիշդ այնպէս ինչպէս աշխարհը մեզ կը ներշնչէ։ Գուցէ նոյնիսկ ներշնչէր այլ վտանգուած կամ փոքրամասնական լեզուներու՝ ժամանակակից մշակութային եւ ընկերային նախագծերու միջոցով ծաղկելու…։

Դիմումի վերջնաժամկէտն է՝ 31 օգոստոս 2025-ը։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ դիմելու համար հետեւիլ էջին՝

 

28 Հլս 2025