image

Տեսանիւթ որ ցնցեց Սուրիան

Տեսանիւթ որ ցնցեց Սուրիան

Սուրիացի շատ օգտատէրեր օրերս դառնութեամբ գրած են համացանցի մէջ տարածուած տեսանիւթի մը մասին։

Յուլիսին, երբ զինեալները գրոհած են երկրի Սուէյտա շրջանը, միաժամանակ ներթափանցած են քաղաքի ամենամեծ հիւանդանոց։

Կառավարական բանակի տարազ կրող զինեալները ճնշում գործադրած են բուժանձնակազմի բոլոր անդամներու վրայ։ Տեսանիւթին մէջ կ՚երեւի,որ զինեալները ծունկի կը բերեն բուժաշխատողները եւ կը սպանեն հիւանդապահներէն մէկը։

Տեսանիւթի տարածման հետ միաժամանակ համացանցի մէջ լուրեր կը տարածուին, որ դէպքէն ետք զինեալները հաշուեյարդար տեսած են հիւանդանոցի մէջ աշխատող 16 անձանց հետ, սակայն մինչ այժմ յստակ տեղեկութիւններ այդ մասին չկան։

Տեսանիւթի տարածումը  բողոքի մեծ ալիք առաջացուցած է Սուրիոյ մէջ եւ իշխանութիւնները խոստացած են պատժել բոլոր յանցագործները։

«Արեւելք» լրատուականի հետեւորդներուն յիշեցնենք, որ յուլիսին Սուրիոյ Սուէյտա նահանգին մէջ ծանր ռազմական բախումներ եղան, որոնց ժամանակ զոհուեցան հարիւրաւոր մարդիկ, այդ շարքին՝ անմեղ բնակիչներ։

Սուէյտան յայտնի է որպէս Սուրիոյ տուրզի փոքրամասնութեան ամենայայտնի շրջաններէն մէկը, ուր տուրզիներու կողքին կ՚ապրին նաեւ քրիստոնեայ արաբներ եւ հայեր։

Տեսանիւթը տեսնելու համար միացէք մեր էջին։