Օրերս Լիբանանի Հայ Ազգային Բուժարան հանդիսացող՝ «Ազունիյէի բուժարան»ը համաձայնագիր մը կնքած է երկրի կտրուածքով լաւագոյն հիւանդանոցներէն մին հանդիսացող «Օթէլ Տէօ» հիւանդանոցին հետ։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ տրուած լրատւութիւնը՝
Յուլիս 11, 2025ին Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան համաձայնագիր ստորագրեց «Օթէլ Տէօ» (Պէյրութ) հիւանդանոցին հետ, հաստատութիւններու («Hôtel-Dieu»ի եւ «USJ»ի) եւ Բուժարանի տէրերուն (Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու Միութեան) պատասխանատուներու ներկայութեամբ, ինչպէս նաեւ գաղութիս կարգ մը յայտնի դէմքերու։
Համաձայնագիրը կարելի պիտի դարձնէ Բուժարանի նիւթական եւ մարդուժի բարենորոգումը, երաշխաւորելով իր ապագայի ծառայութիւնը՝ հայ գաղութին եւ ընդհանուրին։
Հիւանդանոցի Նախագահ՝ Հայր Սելիմ Տաքքաշ «Օթէլ Տէօ»ի կողմէն ելոյթ ունեցաւ, որմէ ետք Խնամակալութեան Ատենապետ Պրն. Յակոբ Լատոյեան Բուժարանի կողմէն խօսք առաւ։ Շահէ Արք. Փանոսեան ներկայացուց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, իսկ Վեր. Հրայր Չոլաքեան ներկայացուց Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանը։