image

Սիւնիքի մէջ մահացած զինուորը 18-ամեայ Մովսէս Պօղոսեանն է

Սիւնիքի մէջ մահացած զինուորը 18-ամեայ Մովսէս Պօղոսեանն է

Սիւնիքի մարզին մէջ մահացած սահմանապահ զօրքերու պարտադիր ժամկէտային զինծառայողը 18-ամեայ Մովսէս Պօղոսեանն է։

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Սիւնիքի մարզի Դաւիթ Բեկ գիւղին մէջ համածառայակիցի հետ միջադէպի հետեւանքով Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու զինծառայող մահացած է։ Զինծառայողի մահուան դէպքի առթիւ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։

«Վարոյթը նախաձեռնուել է Քրէական օրէնսգրքի 522-րդ յօդուածի յատկանիշներով (զինծառայողին անզգուշութեամբ ինքնասպանութեան հասցնելը)»,– յայտնած են ՀՀ քննչական կոմիտէէն։

Կը կատարուին անհրաժեշտ եւ անյետաձգելի քննչական եւ վարութային այլ գործողութիւններ, նշանակուած է դիակի դատաբժշկական փորձաքննութիւն: