image

«Երբ վտանգուած է Հայրենիքի ֆիզիքական գոյութիւնը, դէմ պիտի ըլլալ ժողովրդավարական ընտրութիւններու». Տօքթ. Մեսրոպ Թասլաքեան

«Երբ վտանգուած է Հայրենիքի ֆիզիքական գոյութիւնը, դէմ պիտի ըլլալ ժողովրդավարական ընտրութիւններու». Տօքթ. Մեսրոպ Թասլաքեան

«Հոգեկոտրում» ահա այս բառերով կարելի է նկարագրել նաեւ սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներէն շատ- շատերուն հոգեվիճակը։

Հայաստանի մեծ յոյսի արեւը կը խափանուէր այն պահուն, երբ ոչ միայն «սուտի յեղափոխութիւն»ը կը թակէր մեր դուռը, այլ այդ սուտը կը դարձուէր համատարած եւ ինչ-ինչ պատճառաբանութիւններու, նախկին-ներկայ կամ սեւ-սպիտակ «խաղեր»ու բովին մէջ կը կորսնցէինք Արցախի կարեւոր մէկ մասը  ականատես ըլլալով նաեւ այն մեծ վտանգներուն, որոնք ամէն օր կը հալածեն մեր երկիր՝ Հայաստանը։

Այս ընդհանուր խորագիրներուն ներքոյ օրերս զրոյց մը ունեցանք արմատներով՝ ՄուսաԼեռցի ու վերջին տարիներուն Քուէյթ հաստատուած մեր հայրենակիցներէն՝ Տօքթ. Մեսրոպ Թասլաքեանին հետ։

Նշենք, Մեսրոպ Թասլաքեանը սովորովական զրուցակիցէ մը անդին գացող անձնաւորութիւն է, ունի վերլուծելու ունակութիւն եւ ամենակարեւորը հարցերուն կը նայի յարատեւօրէն ճշմարտութիւնը փնտռողի ակնոցներով։ 

Հարկ կը համարենք նշել, որ մեր զրոյցի ելման կէտը Մեսրոպ Թասլաքեանի կողմէ կատարուած դիտարում մըն էր, որուն ճամբով ալ ան համոզում կը յայտնէր, թէ այսօր մենք այսքան «կոտրուած» եւ այսքան «հոգելքուած» իրավիճակին մէջ կարիքն ունինք փրկիչ մը. Այնու Թասլաքեան կը յարէր՝ «Միշտ լաւ ըլլաք եւ «համատարած անորոշութիւնն» ալ փարատի: Այս վիճակը եւ մանաւանդ մեր ապրած երկիրներու ներկայ դրութիւնը կը ջրէ այն «աւանդական» տեսութիւնը թէ՝ «ձայն բազմաց՝ ձայն Աստուծոյ»: Առնուազն՝ չի վերաբերիր տհաս, թերխաշ քաղաքական հասունութեան եւ փերեզակի հոգեբանութեան տէր ժողովուրդներուն: Սպասենք նոր Արամի գալուստին»։

Ու այստեղէն ալ կը սկսինք մեր զրոյցը.

- Տօքթ. Թասլաքեան ձեր գրառման հումքը փրկչութեան, անձի մը միջոցաւ ցեխէրէն դուրս գալուն կը վերաբերի, որն ընդհանրապէս շատ մը պարագաներու անյարիր է մեր շուրջ ընթացող գործընթացներուն առընթեր։ Եկէք անկեղծ ըլլանք, այսօրուան աշխարհին մէջ, երբ ամէն բան կ՚ընթանայ բացառապէս համակարգային դրոյթներով, ինչքանով ճիշդ է դեռ սպասել «Արամներ»ու, որոնք ձեր տեսակէտով (ու չդրժելով Մեծն Արամի դերին պատմականութիւնը) պիտի կարողանան փրկել մեզ եւ Հայաստանն ու հայութիւնը դնել ճիշդ հունի մը վրայ։ Ի՞նչ կը խորհիք այս առումով։

Արամները դժբախտաբար միշտ եւ մեր ուզած ատենները չեն «յայտնուիր»: Արամի նախատիպը, որ անզուգական է ոչ միայն մեր այլ միջազգային պատմութեան մէջ, (այդ ո՞ր դիկտատորն է, որ իր յօժար կամքով վար դրած է իր լիազօրութիւնները եւ չէ գայթակղած անսահմանափակ ուժի ձգողականութեամբ) չի ծնիր այլ կ՛անցնի արեան մկրտութենէ եւ փորձութիւններէ, որ կը շեշտէ եւ կը նուիրագործէ իր բնական ղեկավարի, դիւանագէտի կամ ռազմական գործիչի արժանիքները կոփելով զայն եւ վերածելով առաջնորդի իր ժողովուրդի աչքին: Որքա՜ն ղեկավար դառնալու կոչուած անհատներ կորսուեցան  եւ դեռ ալ կը կորսուին, երբ չեն անցնիր վերոյիշեալ քաղաքական, ընկերային հասունացման գործընթացներէն   կամ առիթը չի տրուիր իրենց երեւան բերելու իրենց իւրայատկութիւնները: Ես կամ շատեր, երբ «Արամ» կ՛երազենք, պարզապէս թաքուն ցանկութեանց դրսեւորում է, (wishful thinking ) հիմնուած այն հաստատուն իրողութեան վրայ, որ մեծ անհատներն են, որ իրենց կամքի ուժով կը փոխեն պատմութեան ընթացքը, ինչպէս Արամը մեր մօտ կամ...Մուսթաֆա Քեմալը թուրքերուն համար: Իսկ չգոյութեան պարագային, այո՛ պէտք է հիմնուիլ քաղաքական կազմակերպութեանց հաւաքական ղեկավարութեան վրայ, որքան ալ Հայաստանի պարագային, քաղաքական դաշտին մէջ պակասը կը զգացուի առաջնորդող, ազդեցիկ եւ գաղափարական ամուր հէնք ունեցող կուսակցութեան մը: Մեր հարցն այն է որ, ներկայ քաղաքական դաշտին մէջ չկայ այն ղեկավար ուժը, որ անվերապահօրէն իր ետեւէն տանի զանգուածները: Եղածները կամ փտածութեան խարանով դրոշմուած են կամ կիսաքրէական եւ կասկածելի անցեալով «քաղաքական գործիչ»ներու վրայ հիմնուած (one man show) գաղափարապէս սնանկ խմբաւորումներ են  եւ  կամ ալ հարուստ քաղաքական անցեալի տէր, սակայն սխալ կողմնորոշումներով ժողովուրդին ամբողջական վստահութիւնը չշահած՝ կուսակցութիւններ: Հոս, ի հարկէ այս խառն ժամանակաշրջանին, պէտք է քուէն տալ առաւելագոյն չափով իրատես, անպայմանօրէն ազգայնական առողջ կողմնորոշմամբ եւ քաղաքական փորձառութեան տէր հաւաքական ղեկավարութեան մը իր բոլոր թերութիւններով հանդերձ:

 

- Իրաւացի ըլլալ եթէ փորձենք անպայման պիտի արձանագրենք, որ «Թաւշեայ» կոչուած եղելոյթը (ես այն չեմ կամենար յեղափոխութիւն անուանել) մեծ հաշուով երկար տարիներու ընթացքին եղած կուտակումներու, ատելութեան, օտարումի եւ մեծ սխալներու արդիւնք էր։ Ու այս առումով ալ քիչ են անոնք (յատկապէս սփիւռքի մէջ), որոնք խոշորացոյցով կը նայէին անցեալ ժամանակներու մեծ սխալներուն։ Այս առումով, եւ եթէ փորձէք անկեղծ դիտարկել, ինչպիսին էր իրավիճակը ձեզի համար չորս տարիներ առաջ, եւ արդեօք արդար էր ժողովրդային պոռթկումը։

Մօտ երեք տասնամեակ շարունակուող փտածութիւնը պոռթկում առաջ պէտք է բերէր որոշ արժանապատւութեան տէր ժողովուրդի մը մօտ տրամաբանօրէն: Սակայն աւելի ճիշդ է զայն որակել տարերային պոռթկում քան իսկական յեղափոխութիւն: Ժողովուրդի համբերութեան բաժակը կրնայ լեցուիլ եւ պոռթկալ, սակայն այն կարելի է յեղափոխութիւն կոչել, երբ այն կ՛ունենայ գաղափարական ղեկավարութիւն, որ կը հունաւորէ պոռթկումը  ու կ՛աշխատի իրականացնել  այն նպատակները որու համար ոտքի ելած են զանգուածները: Դժբախտութիւնը այն է, որ տարերային պոռթկման գլուխն անցան ամբոխավար, կասկածելի անցեալի տէր եւ նոյնիսկ դուրսէն ֆինանսաւորուող անձեր որոնք հոտառութիւնը ունեցան վայրկեանէն օգտուելու համատարած շփոթութեան եւ իրարանցումին մէջ: Եղածը պարզապէս իշխանափոխութիւն էր, սակայն շատ աւելի ծանրակշիռ ու աղէտալի հետեւանքներով որոնց պտուղները կը քաղենք չորս տարիէ իվեր

 

- Գալով այսօրուան իրավիճակին, մենք նոյնպէս կը նշմարենք, որ հայաստանի հասարակութիւնը (գոնէ մինչեւ այս պահը) կը մերժէ առկայ ընդդիմադիր շարժումներուն «տարերայնութիւն» մը տալ, մինչ այդ շատ լաւ կը հասկնանք ու շատ լաւ կ՚ըմբռնենք, որ Նիկոլ վարչապետի հարցերը շատ արագ լուծելի կը դառնան, եթէ ժողովուրդը իրապէս հաւատայ եւ յատկապէս միանայ այսօրուան պայքարին։ Ի՞նչ կարծիք ունիք այս առումով։

Այսօրուայ իրավիճակը նորութիւն չէ եթէ պատմութիւնը ուսումնասիրենք: Նոյնիսկ Առաջին  Հանրապետութեան ժամանակ ամբոխային տրամաբանութիւնը գոյութիւն ունեցած է: Շատ են նմանութեան եզրերը ժողովուրդի հոգեվիճակին այն ժամանակ եւ հիմա ինչպէս կ՛արտացոլուի Վրացեանի յուշերու ընդմէջէն: Սակայն տարբերութիւնը ղեկավարութեան մէջ է: Այն ժամանակ Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը հայրենասէր, յեղափոխութեան բովէն անցած, ժողովուրդին հետ տառապած եւ անոր համար ամէն զոհողութիւն յանձն առած մարդիկ էին: Իսկ այսօրուանները, անհայրենիք, աշխարհաքաղաքացիական հովերով տարուած, խակ եւ ապիկար են: Հոս, մեր եւ  մեր շրջանին մէջ ապրող դրացի ազգերու պարագային որոնց մօտ թերզարգացած է պետական ազգի ապրումն ու նախանձախնդրութիւնը, ղեկավարութիւնն է (ընտրեալ կամ ինքնանշանակ), որ կ՚որոշէ պետական ուղին իր ետեւէն տանելով ամբոխը (շեշտեմ ամբոխ, ոչ թէ ազգ): Ազգը արժանի կ՛ըլլայ իր կոչման, երբ իր ազգային հաւաքականութեան եւ պետականութեան շահը  գերիվեր դասէ նեղ անձնականէն: Ազգին համար այն հողը որուն վրայ կ՛ապրի Հայրենիք է, ոչ թէ ապրելավայր, որ հեշտութեամբ կարելի է փոխարինել: Որքան ալ «անժողովրդավար», կամ «բռնակալական» թուի ըսածս, այսպիսի յեղափոխական ժամանակներու մէջ, երբ վտանգուած է Հայրենիքի  եւ  ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութիւնը, դէմ եմ ժողովրդավարական ընտրութիւններու: Պետական մտածողութիւն  եւ հասունութիւն չունեցող, իր ապագայէն վախցող ժողովուրդ մը պիտի ընտրէ պարզապէս իր նմանը: Յեղափոխութիւնն ու իսկական յեղափոխականը փոքրամասնութիւն եղած են միշտ Ս. Զաւարեանի մը հաստատումով, որ սակայն գաղափարի ուժով եւ կամքով իրենց ետեւէն տարած են զանգուածները եւ պատմութիւն կերտած: Կրնա՞նք պատկերացնել օրինակ այսօրուայ Հայաստանի գոյութիւը եթէ չ՛ըլլային Արամը, Դրօն, Անդրանիկը, Քեռին եւ երկար շարանը մեր նուիրեալներուն: Պատասխանը Ոչ է:

 

- Մեր գիտակցական կեանքի ամէնէն կարեւոր «մեխ»ը կամ նոյնիսկ «խաչը» հայ-թրքական յարաբերութիւններու խնդիրն է։

Թուրքին հետ խօսելու հարցը, անոր հետ սեղանի շուրջ նստելու  առաջադրանքը, կը շարունակեն «Թապու» համարուիլ մեզմէ շատ-շատերուն համար։ Այստեղ նաեւ պէտք է անվախօրէն արձանագրել, որ թուրքին հանդէպ այսօրուայ Հայաստանի հասարակութեան մէջ «արմատ» նետած ըլլալու երեւոյթը հետեւանքն է այսօրուայ իշխանութիւններու ապիկարութեանց։ Կը բաժնէ՞ք իմ մօտեցումը (այսօր «ծլարձակուած» ատելութեան վերաբերեալ), եւ առհասարակ ի՞նչ կը մտածէք հայ- թրքական օրակարգին վերաբերեալ։

Թուրքին կամ թրքութեան նկատմամբ ատելութիւնը մեզ՝ Ցեղասպանութենէ վերապրած  եւ  Հայրենիք կորսնցուցած մարդոց շառաւիղներու համար բնականոն եւ հասկնալի է: Մեր մեծերը տասնամեակներով եւ ամէն առիթի յիշեցուցած ու դաստիարակած են մեզ հատուցման եւ մեր պապենական հողերու վերադարձի տեսլականով: Իսկ Հայաստանաբնակ հայրենակիցներու մօտ, չնայած այն փաստին, որ անոնց կարեւոր մէկ տոկոսը Արեւմտահայաստանէն գաղթածներու շառաւիղներ են, բացասականօրէն անդրադարձած է 70 տարուայ Խորհրդային կեղծ եղբայրութեան քարոզչութիւնը: Ճնշուած են ազգայնական ապրումները, աշխատած են մոռցնել տալ Հայ Դատն ու թուրքէն մեր պահանջները: Արցախեան պահանջատիրութիւնն ու պայքարը պահ մը արթնցուցին զիրենք այդ թմբիրէն, սակայն իրերայաջորդ իշխանութեանց փտածութիւնը կասեցուց իրաւական ազգային պետութեան կայացումն ու ամրապնդումը,  ուր ազգային դաստիարակութիւնն ու բարենորոգ կրթական համակարգը պիտի ջնջէին Խորհրդային շրջանէն ժառանգած յոռի բարքերն ու մտածելակերպը: Այսպէս կոչուած թաւշեայ «յեղափոխութիւնը» եկաւ հարուած մը եւս տալու այդ յոյսերուն, վերակենդանացնելով Խորհրդային օրերու «եղբայրական» փոխգոյակցութեան երազը, ձերբազատուելով այդ երազին ճամբուն քար դարձած՝ Արցախէն, անտեսելով այն փաստը, որ նոյն «եղբայրական» թուրքը Արցախը կլլելէն ետք աչքը պիտի տնկէ Սիւնիքին, Սեւանին  եւ  վաղը ինչու՞ չէ՝ Երեւանին:

Այս բոլորը պէտք չէ նշանակեն, որ մերժելի է Հայ-թրքական ոեւէ երկխօսութիւն: Ուզենք-չուզենք, դատապարտուած ենք դրացի մնալու երկու թրքական պետութեանց: Կարելի չէ յաւիտենապէս թշնամի մնալ: Երկարատեւ թշնամութիւնը արգելք է պետութեանց զարգացման եւ բարգաւաճման: Համաձայնի՞լ, անշուշտ. երբ ժամանակն ու պայմանները ներեն. արժանապատուօրէն, հաւասարէն-հաւասարի հոգեբանութեամբ, երբ յարգուած են ազգային նուազագոյն պահանջները: Սակայն ոչ այս կերպ, նպաստընկալի, պարտուածի եւ խեղճացածի հոգեբանութեամբ ինչպէս կը գործեն այսօրուայ ապիկար իշխանութիւնները: Այս հոգեբանութիւնը քամահրանք կ՛առաջացնէ հակառակորդին մօտ եւ կը մղէ զինք յաւելեալ զիջումեր պարտադրելու մեզի: Հարցերը քաղաքական ճանապարհով լուծելու ամենակարեւոր միջոցը երկխօսութիւնն է:

Սակայն, ոեւէ երկխօսութենէ առաջ, նախ պէտք է ամրապնդել ներքին ճակատը, ստեղծել իրաւական եւ արդար պետութեան նախադրեալներ ուր քաղաքացին զգայ ինքզինք իրաւատէր, ազատ եւ պատասխանատու իր Հայրենիքին նկատմամբ, հզօրացնել բանակն ու տնտեսութիւնը, վարել հաւասարակշիռ, արթնամիտ    եւ իրատես արտաքին քաղաքականութիւն, գտնելով նոր դաշնակիցներ առանց հիները անտեսելու  եւ  այս բոլորէն ետք մտածել կարելի երկխօսութեան մը մասին: 

Իսկ պատմութենէն քաղելով, նկատենք, որ երկխօսութեան փորձեր կատարուած են նոյնիսկ Առաջին  Հանրապետութան շրջանին ելլելով քաղաքական ծայր աստիճան դժուարին պայմաններէ: Մէկ այլ օրինակով՝ Յունաստանի հակաթուրք վարչապետը՝ Վենիզելոս նկատի ունենալով քաղաքական պայմանները բարեկամութեան դաշինք կնքեց Քեմալական Թուրքիոյ հետ Փոքր Ասիոյ մէջ Յունական բանակին կրած պարտութենէն քիչ ետք, պահպանելով սակայն, Յունական պետութեան արժանապատւութիւնը: Իսկ, մեր իշխանութեանց մօտեցումը պարզապէս անձնատուական է: Անպատիւ, գետնամած  եւ արհամարհանք ներշնչող բարեկամութեան մուրացկանութիւն թուրքերուն, որու իրականացման համար պատրաստ են մոռնալու ոչ միայն Արցախն ու Հայ Դատը, այլ վաղը նոյնիսկ Ցեղասպանութեան փաստը: Ուրեմն  միանշանակ ՈՉ այս ձեւի համաձայնութեան: