image

Եէմէն. Միլիոնաւոր երեխաներ կրնան սովի մատնուիլ

Եէմէն. Միլիոնաւոր երեխաներ  կրնան  սովի մատնուիլ

 

Եէմէնի մէջ 2021-ին 2.3 միլիոն երեխայ սովի մատնուած պիտի ըլլայ: Այս մասին կը յայտնէ «Ռիա Նովոստի»-ն՝ յղում տալով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիքի յայտարարութեան:
 Նշուած է, որ 3.4 միլիառ տոլար արժողութեամբ մարդասիրական օգնութեան ծրագիրը ֆինանսաւորուած է ընդամէնը 1.9 միլիառի չափով:
 «Այժմ Եէմէնի մասին: Ըստ նոր զեկոյցի՝ այս տարի կը կանխատեսուի, որ մինչեւ հինգ տարեկան գրեթէ 2.3 միլիոն երեխայ տառապին ծանր թերսնուցումէ: Անոնցմէ 400 000-ը կրնան տառապիլ ծանր սովէ եւ մահանալ, եթէ շտապ բուժում չստանան», -ըսած է Տիւժարիքը ճեպազրոյցի ժամանակ:

Ան նշած է, որ զեկոյցը համատեղ պատրաստած են ՄԱԿ-ի Պարենի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութիւնը, ԵՈւՆԻՍԵՖ-ը, Պարենի համաշխարհային ծրագիրը եւ ԱՀԿ-ն:

Տիւժարիք աւելցուցած է, որ ՄԱԿ-ի կառոյցները կը նախազգուշացնեն, որ ասոնք թերսնման ամենաբարձր ցուցանիշներն են, որոնք գրանցուած են 2015-ին Եէմէնի մէջ հակամարտութեան սրացումէն ի վեր: