Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը դաւաճանութիւնը որակած է որպէս ամենածանր մեղք:
Մամուլի ասուլիսի ժամանակ խօսելով պետական դաւաճանութեան մէջ մեղադրուող նախկին լրագրող Իւան Սաֆրոնովի գործի մասին՝ ՌԴ նախագահը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստի վրայ, որ «ամենամեծ մեղքը դաւաճանութիւնն է», կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:
«Փակ բնոյթի տեղեկութիւններու փոխանցումը օտարերկրեայ յատուկ ծառայութեան դաւաճանութիւն է: Ես կը հասկնամ, որ սա, հաւանաբար, այնքան ալ լաւ չի հնչեր անոնց համար, որոնք այդ մարդուն վստահած են, կը վստահին եւ լաւ կը վերաբերին: Ես ձեզի կը կարեկցիմ»,- ըսած է Փութինը հարցին պատասխանելով:
Սաֆրոնովը կը կասկածուի ՆԱԹՕ-ի յատուկ ծառայութիւններէն մէկուն համար աշխատելու մէջ:
Ինչպէս կը հաղորդուի, ան կատարելով ՆԱԹՕ-ի յատուկ ծառայութիւններէն մէկուն առաջադրանքը, հաւաքած եւ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի ներկայացուցիչին փոխանցած է Ռուսաստանի Դաշնութեան ռազմաարհեստագիտական համագործակցութեան, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան մասին պետական գաղտնիք կազմող տեղեկութիւններ»: