image

Այս պատերազմը պէտք է վաղուց աւարտած ըլլար․ Էրտողանը՝ Փութինին

Այս պատերազմը պէտք է վաղուց աւարտած ըլլար․ Էրտողանը՝ Փութինին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը իր ռուս գործընկեր Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւնները յաջողած եւ արդիւնաւէտ որակած է: Ատոնք տեղի ունեցած են ուրբաթ օրը, Աշխապատի մէջ՝ Խաղաղութեան եւ անվտանգութեան միջազգային ֆորումի շրջածիրէն ներս։

«Վլատիմիր Փութինի հետ մենք շատ յաջող, արդիւնաւէտ եւ համապարփակ զրոյց ունեցանք: Ես ընդգծեցի, որ անհամբեր կը սպասեմ անոր կրկին տեսնելուն որեւէ պահու: Հետեւաբար, մենք համաձայնեցանք, որ պէտք է հանդիպինք որքան հնարաւոր է շուտ: Ան պատասխանեց. «Ես կը կատարեմ իմ խոստումը»: Յոյսով եմ, որ մենք շուտով կ՚ընդունինք անոր այցը», — լրագրողներուն ըսած է Էրտողանը։

«Մեր յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ հիմնուած չեն կարճաժամկէտ շահերու վրայ, այլ ունին խոր պատմական արմատներ, ամուր դիւանագիտական ​​հիմք եւ փոխադարձ վստահութիւն: Մենք հիմնական քննարկած ենք պատերազմը (Ուքրանիոյ) եւ խաղաղութեան ջանքերը: Ինչպէս միւս բոլոր մասնակիցները, պարոն Փութինը շատ լաւ գիտէ Թուրքիոյ դիրքորոշումն այս հարցի վերաբերեալ: Մենք կը կարծենք, որ այս պատերազմը պէտք է վաղուց աւարտած ըլլար, եւ մենք այդ բացայայտօրէն կը յայտարարենք մեր բոլոր գործընկերներուն»,-նշած է Էրտողանը: