image

Covid-ի Բրիտանական տարբերակը հասած է Հայաստան

Covid-ի Բրիտանական տարբերակը հասած է Հայաստան

ՀՀ ԳԱԱ Մոլեքուլային կենսաբանութեան հիմնարկի մարդու կենոմիքայի (genomic) եւ իմունոմիկայի (ախտազերծութեան երեւոյթներու ուսումնասիրութիւն) տարրալուծարանի, կենսատեղեկատուական գիտական խումբի եւ Հայ-Ռուսական համալսարանի կենսաճարտարապետական, կենսատեղեկատուական եւ մոլեքուլային (մասնկային) կենսաբանութեան ամպիոնի գիտաշխատողներու կողմէ իրականացուած են նոր «Քորոնա» ժահրի եւս 12 ամբողջական կենոմի վերծանում՝ 3-րդ սերունդի յաջորդականութեան կիրառմամբ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութիւնը:

Նմուշները տրամադրուած են ՀՀ ԱՆ Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կողմէ ս.թ․ մարտ 18-ին։

Ի տարբերութիւն յունուար ամսուայ հետազօտութեան՝ մարտին ստացուած 12 նմուշներէն 10-ին մէջ յայտնաբերուած է «Քորոնա» ժահրի բրիտանական շտամը (B.1.1.7, VOC-202012/01):

Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ չի բացառուիր տարբեր շտամներով վարակուելու հաւանականութիւնը՝ առողջապահութեան նախարարութիւնը եւս մէկ անգամ կոչ կ'ընէ խստօրէն հետեւելու հակահամաճարակային կանոններուն՝ կրել դիմակ, պահպանել առնուազն 1.5 մեթր հեռաւորութիւն, յաճախակի լուալ կամ ախտահանել ձեռքերը։

Նշենք, որ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու ընդհանուր թիւը 194 852 է, մահուան դէպքերինը՝ 4456: