Իրանի իշխանութիւնները Ապրիլ 4-ին հաւանութիւն տուած են մարդասիրական օգնութիւն փոխադրող նաւերու անցման՝ իրանական նաւահանգիստներ, Հորմուզի նեղուցով։
Այս մասին յայտնած է Tasnim լրատուական գործակալութիւնը։
Երկրի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ այս որոշումը աջակցութիւն ստացած է Իրանի կառավարութեան եւ զինուած ուժերուն կողմէ։ Հաստատուած է առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ, սնունդ եւ անասուններ փոխադրող նաւերու տարանցումը։
Հորմուզի նեղուցով այդ նաւերուն ապահով անցքը երաշխաւորելու համար մշակուած են յատուկ արձանագրութիւններ եւ անհրաժեշտ դրոյթներ։