«Թրամփի ուղի» նախագծի վերաբերեալ տակաւին յստակութիւն չկայ՝ Իրանի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու լոյսին ներքոյ։ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին այս մասին ըսած է 24News-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։
«TRIPP-ի իրականացման հեռանկարները այժմ քիչ մը անյստակ են»,– ըսած է Սերկէյ Քոփիրքինը։
Դիւանագէտին խօսքով՝ հայկական կողմը եւս նշած էր, որ ամերիկեան վարչակազմը քիչ մը տարբեր առաջնահերթութիւններ ունի։
Քոփիրքինի կարծիքով՝ այն, ինչ տեղի կ՚ունենայ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, պիտի անդրադառնայ տնտեսական ցուցանիշներուն եւ ներդրումներու ապահովութեան վրայ, եւ այս նախագծին շուրջ աւելի շատ հարցեր կան, քան պատասխաններ։ Ամէն պարագայի, Ռուսիան կ՚ողջունէ ամէն ինչ, որ կը նպաստէ հաղորդակցութիւններու իրական ապաշրջափակման։
Դեսպանը նաեւ նշած է, որ կան կարեւոր մանրամասնութիւններ, օրինակ՝ ԵԱՏՄ-ին Հայաստանի անդամակցութեան գործօնը, եւ իրավիճակը պէտք է ամբողջական կերպով դիտարկել։