Իրան Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը մեղսակից համարած է Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի կողմէ իր միջուկային կեդրոններուն հասցուած հարուածներուն։
ISNA-ի հաղորդմամբ, նման մեղադրանք ուղղած է Իրանի Աթոմային ուժանիւթի կազմակերպութեան պետ Մոհամմատ Էսլամին՝ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ղեկավարութեան ուղղուած նամակին մէջ։
Ան գործակալութիւնը մեղսակից համարած է՝ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի միջուկային կեդրոններուն հասցուած հարուածներուն չմիջամտելու համար։
Մոհամմատ Էսլամին յայտարարած է, որ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան լռութիւնը՝ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի խաղաղ միջուկային կեդրոններուն դէմ կատարուած յարձակումներուն առջեւ, ոչ միայն անգործութիւն է, այլեւ բացայայտ մեղսակցութիւն յանցագործութեան։