ՀՀ ԳԱԱ Մոլեքուլային կենսաբանութեան հիմնարկի մարդու կենոմիքայի (genomic) եւ իմունոմիկայի (ախտազերծութեան երեւոյթներու ուսումնասիրութիւն) տարրալուծարանի, կենսատեղեկատուական գիտական խումբի եւ Հայ-Ռուսական համալսարանի կենսաճարտարապետական, կենսատեղեկատուական եւ մոլեքուլային (մասնկային) կենսաբանութեան ամպիոնի գիտաշխատողներու կողմէ իրականացուած են նոր «Քորոնա» ժահրի եւս 12 ամբողջական կենոմի վերծանում՝ 3-րդ սերունդի յաջորդականութեան կիրառմամբ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութիւնը:
Ի տարբերութիւն յունուար ամսուայ հետազօտութեան՝ մարտին ստացուած 12 նմուշներէն 10-ին մէջ յայտնաբերուած է «Քորոնա» ժահրի բրիտանական շտամը (B.1.1.7, VOC-202012/01):
Նշենք, որ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու ընդհանուր թիւը 194 852 է, մահուան դէպքերինը՝ 4456: