image

Պէյրութ. Դեսպան Սարմէն Բաղդասարեան ՌԱԿ-ի Թէքէեան Կեդրոն այցելեց

Պէյրութ. Դեսպան Սարմէն Բաղդասարեան ՌԱԿ-ի Թէքէեան Կեդրոն այցելեց

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանի պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝ 

Երեքշաբթի 24 Մարտի առաւօտեան Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոն այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Սարմէն Բաղդասարեան ընկերակցութեամբ հիւպատոս Տիար Սեդրակ Սարգիսեանի: 

Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինի ատենապետ, նախկին երեսփոխան Տիար Յակոբ Գասարճեանի, Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Տոքթ.Աւետիս Տագէսեանի եւ ղեկավար ընկերներուհիներու եւ ընկերներու կողմէ: 

Տոքթ.Տագէսեան բարիգալուստ մաղթեց յարգելի դեսպանին, Կեդրոնը նկատելով Հայաստանի մէկ մասը: Ան բարձրօրէն գնահատեց Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւնը որ միշտ օգտակար եղած է հայ ազգի զաւակներուն ուր որ ալ գտնուին անոնք:

Տիար Յակոբ Գասարճեան գնահատեց այս այցելութիւնը եւ կարեւոր նկատեց երկկողմանի շփումներու շարունակութիւնը ի փառս մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Տիար Բաղդասարեան լայնօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարած արտաքին քաղաքականութեան ներկայի դժուար ու փոփոխական աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ: Ան շեշտեց որ ամէն քաղաքականութիւն կը բխի մեր ժողովուրդի ապահովութեան եւ կեանքի լաւ պայմաններ ապահովելու ձգտումէն:

Ժողովի աւարտին, կողմերը համաձայնեցան այս կարգի ժողովներ յաճախ գումարել, Լիբանանի դիմագրաւած դժուար պայմաններուն պէտք եղած քայլերը առնելու համար: