image

«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» Մեր եկեղեցին այսօր կը նշէ Սուրբ Զատկուան տօնը

«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» Մեր եկեղեցին այսօր կը նշէ Սուրբ Զատկուան տօնը

Այսօր Հայ առաքելական եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Յարութեան տօնը։

Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը կը կոչուի նաեւ Զատիկ, որ կը նշանակէ զատում, բաժանում, հեռացում մեղքերէ եւ վերադարձ առ Աստուած: Զատիկը Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ 5 տաղաւար տօներէն մէկն է: Յիսուս Քրիստոսի խաչելութենէն եւ մահէն ետք` երեկոյեան, բարեպաշտ մարդիկ անոր մարմինը իջեցուցին խաչէն եւ դրին վիմափոր գերեզմանի մէջ՝ փակելով մեծ քարով: Երեք օր ետք` կիրակի առաւօտեան, իւղաբեր կանայք` Մարիամ Մագդաղենացին, Յակոբի մայր Մարիամը եւ Սողոմէն, գացին գերեզման՝ անուշաբոյր իւղերով օծելու Քրիստոսի մարմինը, սակայն զարմանքով տեսան, որ քարայրի մուտքի քարը հեռացուած է, իսկ գերեզմանը` թափուր: Մինչ անոնք կը տարակուսէին, երեւացին երկու հրեշտակ եւ ըսին. «Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք: Հոս չէ ան. յարութիւն առաւ» (Ղուկ. 24:5-6):

Յարութեան լուրը կանայք աւետեցին առաքեալներուն, որմէ ետք Յիսուսը երեւցաւ անոնց: Քրիստոսի Յարութիւնը դարձաւ քրիստոնէական վարդապետութեան եւ հաւատի հիմքը: «Եթէ մեռելներու յարութիւն չկայ, ուրեմն Քրիստոս ալ յարութիւն չէ առած. 14եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը» (Ա Կորնթ. 15:13-14):

Ս. Յարութեան տօնին հաւատացեալները զիրար կ'ողջունեն «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսով, կը պատասխանեն՝ «Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»:

Զատկի տօնին հաւատացեալները հաւկիթ կը ներկեն: Ներկուած հաւկիթը կը համարուի Յարութեան եւ նոր կեանքի խորհրդանիշ: Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ խաչեալ Յիսուսի կենդանարար արիւնը, որ թափեցաւ մարդկութեան փրկութեան համար: Ըստ Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի՝ «Միայն Զատկին հաւկիթ կը ներկենք, որովհետեւ հաւկիթը օրինակ է աշխարհի», եւ ինչպէս իմաստունները կ'ըսեն. «Դուրսի կեղեւը նման է երկնքին, թաղանթը՝ օդին, սպիտակուցը՝ ջուրին, դեղնուցն ալ երկիրն է: Իսկ կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի արիւնը: Եւ մենք կարմիր հաւկիթը մեր ձեռքերուն մէջ առնելով` կը հռչակենք մեր փրկութիւնը»:

Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը Հայ եկեղեցին կը նշէ յիսուն օր շարունակ՝ մինչեւ Հոգեգալստեան տօն (Պենտեկոստէ): Այս ընթացքը կը կոչուի Յինանց շրջան կամ Յինունք, որ կը ծագի «յիսունք» բառէն:

Յինանց շրջանի քառասուն օրերը Յարուցեալ Քրիստոսի՝ աշակերտներուն երեւնալու եւ Աստուծոյ արքայութեան մասին վկայութիւններ տալու յիշատակութիւնն են (Գործք 1:3), իսկ վերջին տաս օրերը նուիրուած են Քրիստոսի Համբարձման:

Յինանց շրջանը կ'աւարտի Հոգեգալստեան տօնով: Համբարձումէն տաս օր ետք, ըստ Քրիստոսի խոստման, առաքեալներու վրայ իջաւ Աստուծոյ Ս. Հոգին, եւ զօրացած առաքեալները վկայեցին Քրիստոսին ամբողջ աշխարհով:

Այս  առթիւ  «Արեւելք» ջերմօրէն կը շնորհաւորէ համայն հայութիւնը, մաղթելով, որ մահուան յաղթելու խորհուրդով պարուրուած Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը  բալասան կը դառնայ մեր վէրքերուն։

 

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, 
Օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի