Արցախին եւ Հայաստանին մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու դրամահաւաքի արշաւին նպատակակէտը վեց շաբաթներու ընթացքին նուիրատուներու մասնակցութեամբ հինգ միլիոն ԱՄՆ տոլար հանգանակելն էր, որ զուգորդուած էր Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կողմէ հանգանակուած գումարը կրկնապատկելու խոստումով: Աշխարհասփիւռ հայութեան միահամուռ արձագանքին շնորհիւ այս նպատակակէտին կարելի եղաւ հասնիլ ընդամէնը չորս օրերու ընթացքին, այդպիսով իր լրումին հասցնելով դրամահաւաքի արշաւի՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կողմէ համազօր գումարի յատկացման համար անհրաժեշտ հանգրուանը՝ 9 Հոկտեմբեր, 2020-ի կէս գիշեր:
Ցարդ կատարուած նուիրաբերութիւններու հանրագումարը կը կազմէ 5.400,000 ԱՄՆ տոլար: Ըստ այդմ, յաւելելով Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կողմէ խոստացուած հինգ միլիոն ԱՄՆ տոլարը, 10,400,000 ԱՄՆ տոլար պիտի փոխանցուի «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին: Այդուհետ ստացուած գումարները, թէեւ համարժէք յաւելումի ենթակայ չեն, նոյնպէս պիտի փոխանցուին Հիմնադրամին:
Այս հանգանակութենէն բխած բոլոր միջոցներն ի գործ պիտի դրուին ի նպաստ քաղաքացիական անձանց բարօրութեան, եւ կենսապահովման համար անհրաժեշտ բժշկական սարքաւորումներու հայթայթումին:
Այս ակնթարթային եւ ինքնաբուխ արձագանքը, զօրակցութեան նմանատիպ վիթխարի չափաբաժինը զօրեղ եւ սրտագին պատգամ մը կը փոխանցեն բոլոր անոնց, որոնք կ՛ապրին վտանգի սպառնալիքին տակ կամ ունին մտերիմ բարեկամներ, որոնք լծուած են հայրենիքի պաշտպանութեան գործին, ըսաւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեան. այդ պատգամն է՝ դուք առանձին չէք. միասին կը կանգնինք որպէս մէկ Հայ ժողովուրդ:
Արձագանքելով այս լուրին, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեան ըսաւ թէ դժուար է այս առիթով Հ.Բ.Ը.Մ.-ին ուղղուած երախտագիտութեան խօսքեր գտնել. հինգ միլիոն ԱՄՆ տոլարի հանգանակութիւնը նախաձեռնելու, եւ ի լրումն, իր սեփական միջոցներով այդ գումարը կրկնապատկելու խոստումին համար, ինչպէս նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի համաշխարհային հաղորդակցութեան զինանոցի իր կարելի բոլոր միջոցները գործի դնելու, եւ նախկին, ինչպէս նաեւ նոր նուիրատուներու մասնակցութիւնը ապահովելու համար, այդ ալ խելայեղ արագութեամբ:
Մարդասիրական օժանդակութեան շարունակականութիւնը ապահովելու համար, նախկին թէ նոր նուիրատուներ իրենց նուէրները կրնան ուղղել հետեւեալ հասցէներուն. himnadram.org կամ agbu.org/aid4artsakh