Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի հաստատման առիթիւ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան գոհունակութեամբ նշած է, որ Թուրքիան իր ներդրումը ունեցած է այս գործընթացին մէջ։
Ան յատուկ երախտագիտութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին՝ իր քաղաքական կամքի համար։ Թուրքիոյ առաջնորդը միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնած է Քաթարին եւ Եգիպտոսին՝ այն երկիրներուն, որոնք, ըստ անոր, կարեւոր դեր խաղցած են համաձայնագրի կնքման գործին մէջ։
«Շատ ուրախ եմ, որ Շարմ ալ-Շէյխի մէջ տեղի ունեցած «Համաս»-ի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւնները, որոնց մենք՝ Թուրքիան, մեր նպաստը բերած ենք, յանգեցուցին Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի։ Կ՚ուզեմ յայտնել իմ անկեղծ երախտագիտութիւնը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին, որ ցուցաբերեց անհրաժեշտ քաղաքական կամք՝ համոզելու Իսրայէլի կառավարութիւնը համաձայնիլ հրադադարին, եւ մանաւանդ մեր քոյր երկիրներուն՝ Քաթարին եւ Եգիպտոսին, որոնք զգալի աջակցութիւն ցուցաբերեցին համաձայնութեան հասնելու գործին մէջ»,– յայտարարած է Էրտողան։
Ան աւելցուցած է, որ Թուրքիան ուշադիր պիտի հետեւի համաձայնագրերու կիրարկման ընթացքին եւ պիտի շարունակէ իր աջակցութիւնը խաղաղութեան գործընթացին։ Էրտողան ընդգծած է, որ Թուրքիան նոյն ձեւով պիտի շարունակէ պայքարը՝ մինչեւ Պաղեստինի տարածքին մէջ ստեղծուի 1967-ի սահմաններով անկախ, ինքնիշխան եւ աշխարհագրականօրէն ամբողջական Պաղեստինեան պետութիւնը՝ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ իր մայրաքաղաքով։