«Հակակոռուպցիոն դատարան»ը որոշում կայացուցած է բաւարարելու Գլխաւոր դատախազութեան հայցը մշակոյթի նախկին նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի դէմ։ Յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Պօղոսեանէն պիտի բռնագանձուի աւելի քան 25 միլիոն դրամ՝ որպէս պետութեան պատճառուած վնաս։
Ըստ գործի փաստական հանգամանքներու՝ վնասը պատճառուած է մշակոյթի նախկին նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի եւ «Գուգարք» ընկերութեան միջեւ Քոբայրավանք վանական համալիրի մէջ վերականգնման աշխատանքներ իրականացնելու համար «Յուշարձաններու վերականգնում ծրագրով» 2007-ին եւ 2008-ին կնքուած պայմանագրերու ոչ պատշաճ կատարման հետեւանքով:
Դատարանը հիմնաւոր համարած է Յասմիկ Պօղոսեանի կողմէ երկու պայմանագրերու կապակցութեամբ հակաիրաւական վարքագիծի առկայութեան վերաբերեալ Դատախազութեան փաստարկները եւ բաւարարած է հայցը: