Ես կը յաւակնիմ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին։ Այս մասին այսօր յայտարարած է ՀՀ մարդկային իրաւանց նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեանը՝ իր գլխաւորած «Միասնութեան թեւեր» նախաձեռնութեան մեկնարկի ասուլիսի ժամանակ։
«Մենք ինքնուրոյն քաղաքական նախաձեռնութիւն ենք։ Մենք գալիս ենք հիմնախնդիրները լուծելու, մենք յաւակնում ենք իշխանութիւն ձեւաւորելու, ես յաւակնում եմ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին»,-ըսած է Թաթոյեանը։
Ըստ Թաթոյեանի՝ իրենց ուժն արտաքին քաղաքականութիւնը կը պատկերացնէ բազմակողմ, շահերու համադրման սկզբունքով, հիմք ունենալով Հայաստանի շահերը։
Անդրադառնալով Արցախի հարցին, Թաթոյեանը յայտարարած է, որ իրենց ուժի համար կարեւոր է արցախցիներու վերադարձի խնդիրը, եւ իրենք պիտի չմոռնան ատրպէյճանական քաղաքականութեան եւ յանցագործութիւններու հետեւանքները։
«Բնականաբար սուտ կը լինի ուղղակի, ճիշդ չի, արդար եւ ազնիւ չի լինի, եթէ ես հիմա խօսեմ Արցախի վերադարձի մասին։ Բնականաբար մենք այդ հարցը չենք քննարկում»,-ըսած է Թաթոյեանը։